Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան վարչակազմը` «ԱՓՍԱ»ն Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան վարչակազմը` «ԱՓՍԱ»ն 

Առաջին անգամ ըլլալով «Ափսան» հրապարակեց Վատիկանի հաշուեկշիռը։

Հաշուեկշիռէն ի յայտ կու գայ նաեւ թէ Սուրբ Աթոռը ուղիղ եւ անուղիղ կերպով հարկեր կը վճարէ Իտալիոյ մէջ ունեցած սեփականութիւններուն համար որոնց գումարը 2020ին եղաւ գրեթէ 9 միլիոն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան վարչակազմը` «ԱՓՍԱ»ն որ Սուրբ Աթոռի այն մարմինն է, որ կը զբաղի տնտեսական ժառանգութեան կառավարմամբ առաջին անգամն ըլլալով հրապարակեց հաշուեկշիռ մը որուն մէջ ի յայտ դրուած է թէ 2020 տարուայ շահոյթը եղաւ նուազ 51,2 միլիոն եւ գործառնական արդիւնքը ՝ 21,99 միլիոն:

Ֆինանսական ներդրումները 2020 թուականի դեկտեմբերի 31-ին կազմած են 1,778 մլն եվրօ: Հռոմի Քուրիա- ի կարիքներուն համար ներդրումը կրկնակի կրճատուած է ՝ 41 միլիոնէ դառնալով 20 միլիոն. Դրական արդիւնք մը՝ հաշուի առնելով «Covid» համաճարակի լուրջ հետևանքները:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր 1967 թուականին, այս առաջին անգամն է որ APSA- ն կը հրապարակէ իր ֆինանսական հաշուետուութիւնը:

Հրապարակուած փաստաթուղթը կը վերաբերի 2020 թուականին որուն հրապարակելու որոշումը, ԱՓՍԱ-ի նախագահ գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի խօսքերով կը բխի «Եկեղեցւոյ գործունէութեան և վկայութեան նկատմամբ վստահութեան մեծացման «յոյսէն», ինչպէս նաև Պօղոս Զ օրով ստեղծուած սոյն հաստատութիւնը` «հիմնականին մէջ պահանջարկի ծառայութիւններ մատուցող կառոյցէ» դարձնել «առաջակային իրականութիւն» ՝ նաև անոր վստահուած ժառանգութեան կառավարման եղանակով:

Փաստաթուղթին մէջ մանրակրկիտ կերպով ներկայացուած են ԱՓՍԱ-ի գործունէութիւնը այս վերջին ամիսներու ընթացքին, որոնք յատկանշուած էին առողջապահական ճգնաժամով։ Բացատրուած է զօր օրինակ թէ շնորհիւ Ֆրանսայի եւ Լոնտոնի մէջ անշարժ գոյքերու մատակարարումին (Ֆրանսայի մէջ 753 եւ Լոնտոնի մէջ 27) կարելի եղաւ Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեակի տրամադրութեան տակ դնել Սուրբ Պետրոսի մօտ գտնուող «Palazzo Migliori» կառոյցը, որպէսզի ան գործածուի որպէս տնանկներու ապաստանարան։

Հրապարակուած փաստաթուղթին համաձայն Վատիկանը Իտալիոյ մէջ ունի 4051 սեփականութիւն, որոնցմէ 92% Հռոմի մէջ։ Մինչ արտասահմանի մէջ մատակարարուած կառոյցներուն թիւը կը հասնի 1.200։

Թղթածրարին մէջ հուսկ ակնարկուած է ընկերատնտեսական բնագաւառէն ներս համաճարակին պատճառած հետեւանքներուն, որոնք բացասական եղան նաեւ ԱՓՍԱյի մատակարարական արդիւնքներուն համար։

ԱՓՍԱ-յին մտահոգութիւնը եղաւ անփոփոխ պահել ոչ միայն ԱՓՍԱյի այլ համայն Քուրիային գործնականութիւնը եւ այս մէկը կարելի եղաւ շնորհիւ յաճախական հանդիպումներու ու կլոր սեղաններու շուրջ քննարկումներու որոնց նպատակը եղաւ որդեգրել նոր ընթացակարգ, որոշումներ ու լուծումներ երաշխաւորելու համար կայունութիւնը։

Այս առնչութեամբ ԱՓՍԱ-ն ի գործ դրած է որոշ ծրագիրներ որոնց նպատակն է ներդրումներու միջոցաւ աւելցնել եկամուտները լաւապէս օգտագործելով նաեւ սեփականութիւնները։

Հաշուեկշիռէն ի յայտ կու գայ նաեւ թէ Սուրբ Աթոռը ուղիղ եւ անուղիղ կերպով հարկեր կը վճարէ Իտալիոյ մէջ ունեցած սեփականութիւններուն համար, որոնց գումարը 2020ին եղաւ գրեթէ 9 միլիոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2021, 15:15