Ֆրանչիսկոս Պապին ընտանիքի մը հետ հանդիպումը (2019) Ֆրանչիսկոս Պապին ընտանիքի մը հետ հանդիպումը (2019) 

«Ու՞ր հասած ենք Ամորիս Լեթիցիայի հետ» վերատռութեամբ առցանց հաւաք։

Հաւաքին պիտի մասնակցին աշխարհի զանազան վայրերէն 350 պատգամաւորներ ու միջազգային 30 շարժումներու եւ ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

9էն 12 Յունիս 2021-ին Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վատիկանեան գերատեսչութիւնը, «Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն» տարուան ծիրէն ներս կազմակերպած է առցանց հաւաք մը, որուն բնաբանն է «Ու՞ր հասած ենք Ամորիս Լեթիցիայի հետ» եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընտանիքի հովուական խնամակալութեամբ զբաղող պատգամաւորները միասնաբար ուսումնասիրելու համար նոր ռազմավարութիւններ, ի գործ դնելու համար Ֆրաչիսկոս Պապին ընտանիքին նուիրած «Ամորիս Լեթիցիա» յորդորագիրի պատգամը։

Հաւաքին պիտի մասնակցին աշխարհի զանազան վայրերէն 350 պատգամաւորներ ու միջազգային 30 շարժումներու եւ ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հաւաքը բաժնուած է զանազան նիւթերու, որոնք կը հային, ամուսնութեան, ամուսնական կեանքի ընկերակցողներու կազմաւորումին, զաւակներու կրթութեան, ամուսնական զոյգի հոգեւորականութեան, ընտանիքի միսիոներականութեան ու հովուական խնամակալութեան ուղեւորութեան։

Հաւաքին բացումը կը կատարէ Աշխարհականներու Ընտանիքի եւ կեանքի Ժողովին կառավարիչը` Կարդինալ Քեվին Ֆարրել։

Հաւաքի նիստերու մասին ամենօրեայ հակիրճ տեղեկութիւնները կարելի է գտնել սոյն կայքէջերուն վրայ www.amorislaetitia.va - www.laityfamilylife.va.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2021, 12:07