Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Գերապայծառ Փիցապալլա. «Սուրբ երկրին համար պէտք են գործունէութիւններ եւ ոչ թէ յայտարարութիւններ»։

Fratelli tutti-ին իսկական միջոց մըն է Սուրբ Երկրին կացութիւնը բարելաւելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ռոաքօ-ի 94-րդ ընդհանուր ժողովի աւարտին, որուն քննարկումներու առանցքային տեղ գրաւեցին Միջին Արեւելքի ու Սուրբ երկրի ներկայ կացութիւնը, որուն առնչութեամբ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը վատիկան նիւզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է լքել բանաստեղծական ուղիները եւ անցնիլ շօշափելի ժեսթերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքը նկատել տուաւ ,որ անհրաժեշտ վերականգնել ժողովուրդի վստահութիւնը փոխելով փոքրիկ շրջանակներուն իրականութիւնը, ուր որ կը գործեն։

«Սուրբ Երկրին մէջ տասնեակ տարիներէ ի վեր քաղաքական բախումը, որ միշտ աւելիով կ՝ընդգրկէ կրօնական երեւոյթներ, խորունկ տագնապներ կը ստեղծէ անձերու եւ ընտանիքներու ներքեւ։ Եթէ Սուրբ Երկրին ապագայ կ՝ուզենք տալ՝ անհրաժեշտ է վերականգնել հոն ապրող ժողովուրդներու միջեւն վստահութիւնը։» Ըսաւ Գերապայծառ Փիցապալլա։

Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին Ռոաքօ-ի եպիսկոպոսներու ուղղած պատգամին մէջ յղած խօսքին «Սուրբ Երկրին մէջ անհրաժեշտ է վերականգնել անձերը՝ կառոյցներէն առաջ» Գերապայծառ Փիցապալլա նշեց, թէ նախ եւ առաջ պէտք է խուսափիլ յայտարութիւններէն, որոնք հազարաւոր են եւ ոչ մի բան փոխեցին։ Վերականգնելու համար վստահութիւնը անհրաժեշտ է տարածաշրջանին մէջ շօշափելի ժեսթեր, որոնք իսկապէս կը փոխեն մարդոց կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց իբրեւ հայեցակէտ ունենալ անոր եղբայրութեան վերաբերեալ շրջաբերականը ու ընկերային բարեկամութիւնը։ Fratelli tuttiին կրնայ իսկական միջոց դառնալ Սուրբ Երկրին կացութիւնը բարելաւելու համար։ Ըսաւ Լատինաց Պատրիարքը աւելցնելով, որ սուրբ երկրին մէջ կան ժողովուրդներ եւ տարբեր կրօններ, որոնք ապագան կերտելու համար իբրեւ հիմք կը նկատեն խուսափիլ ուրիշներու հետ յարաբերութենէն։ Fratelli tutti-ին կը յիշեցնէ, թէ բոլորս եղբայրներ ենք եւ ապագան միեւնոյնն է բոլորիս համար, որ պէտք է միասին կերտել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2021, 10:43