Աղօթք Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պայթումի զոհերուն համար (2020) Աղօթք Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պայթումի զոհերուն համար (2020) 

Եօթը կրօնապետեր արդեն հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը Վատիկանի մէջ Լիբանանի համար կայանալիք գագաթնաժողովին։

Գագաթնաժողովը առիթ է աղօթելու եւ հայցելու լիբանանի համար խաղաղութեան եւ կայունութեան պարգեւը
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովը եւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդը հաստատեցին թէ եօթը քրիստոնեայ կրօնապետեր արդեն դրական պատասխան  տուած են Խաղաղութեան համար Վատիկանի մէջ յառաջիկայ մէկ յուլիսին կայանալիք համամիութենական գագաթնաժողովի հրաւէրին։

Անոնց շարքին է Մարոնիներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռայի, Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Գ Եունանը, Ասորի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Աֆրեմ Բ Քարիմ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա, Մելքիդ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք Ժոզէֆ Ապսի ու Պէյրութի Լատին Եկեղեցւոյ առաքելական փոխանորդ գերապայծառ Սեզար Եսայեանը։ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը եւս  մօտ օրէն կը հաստատեն հայ կաթողիկէ ներկայացուցիչին անունը։ Այս մէկը վերջնական ցանկը չէ ու յառաջիկայ օրերուն կը հրապարակուին նաեւ միւս մասնակիցներուն անունները։  

Վերոնշեալ գագաթնաժողովը առիթ պիտի տայ կրօնապետերուն «աղօթելու միասին իրենց երկրի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումի պարգեւին համար» ինչպէս բացատրած էր Սրբազան Պապը անցեալ կիրակի օրը՝ 30 մայիսի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին յայտարարելով հաւաքին թուականն ու նպատակը ու նշելով որ հաւաքը կը յանձնէ Հարիսայի Սուրբ Կոյս Մարիամին Լիբանանու Տիրամօր հովանիին։

Այս ուղղութեամբ յայտնենք թէ անցեալ 30 մայիսին Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռային կոչ ուղղած էր միջազգային հասարակութեան հրաւիրելով օգնութեան հասնիլ լիբանանի տառապեալ բնակչութեան անկախ կառավարութեան կազմութենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2021, 08:03