Հայր Անտրէ Սմոլ Հայր Անտրէ Սմոլ 

հայր Անտրէ Սմոլ նշանակուեցաւ Քահայանայապետական անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի ժամանակաւոր քարտուղար։

Կազմակերպել կարեւոր ծրագիրներ առ աւելիով պաշտպանելու համար անչափահասները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարիա Իմմաքոլաթա միաբանութեան անդամ Հայր Անտէ Սմոլը նշանակեց Քահանայապետական անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբ ժամանակաւոր քարտուղար։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Անտրէ նախագահի պաշտօնը կը վարէր, Միացեալ նահանգներու քահայանապետական միսիոնարական ազգային գործունէութիւններուն ։

Հայր Անտէր այժմ մաս կը կազմէ ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ խնդրուած անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբին ունենալով իբրեւ պարտականութիւն կարեւոր ծրագիրներ նախաձեռնել անչափահասներու պաշտպանութեան եւ խոցելի անձերու պաշտպանութեան ի սպաս աշխատանք տանելով նայեւ որ անցեալի ոճրագործութիւնները չկրկնուին եկեղեցիէն ներս։

Հայր Անտէ Վատիկանի Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքի յայտնեց որ քահանայապետական անչափահասներուն պաշտպանութեան յանձնախումբ, հաւատոյ դաւանութեան ժողովին հետ միասին կը նախաձեռնեն ծրագիրները տեղական եկեղեցիներու համար, անչափահասներու պաշտպանութեան համար։։

Խօսելով իր անուանումի մասին հայր Անտրէ նշեց որ իրեն համար այս նոր պաշտօնը անձնական պատիւ է եւ յստակ ցուցմունք է որ քահանայապետական յանձնախումբ մուտք կը գործէ նոր հանգրուանի մը մէջ, խնդրուած Պապի կողմէ պաշտպանելու համար համայն եկեղեցւոյ ցանցը, ներգրաւելով Հռոմի Քուրիայի կարեւոր դերակատարութիւնը։

Հայր Անտրէ նշեց նաեւ որ իր առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ճանչնալ յանձնախումբի անդամները, որոնք բոլորը կամաւորներ են եւ անխոնջ աշխատանք կը տանին նկատել տալով նաեւ նաեւ որ ինք պիտի ունկնդրէ սեռային շահագործումէ քայքայուած անձերուն ձայնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2021, 11:35