Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կեդրոնը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կեդրոնը 

Սուրբ Աթոռը դարձաւ ԱՀԿ անդամ որպէս մնայուն դէտ։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան 31 մայիսին գումարուած 74-րդ նիստին ընթացքին որդեգրուած “Participation of the Holy See in the World Health Organization” բանաձեւով Սուրբ Աթոռը որպէս մնայուն դէտ անդամ դարձաւ վերոնշեալ կազմակերպութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի մէկ յունիս 2021-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երկուշաբթի 31 մայիս 2021-ին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը որդեգրեց Իտալիոյ հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած  “Participation of the Holy See in the World Health Organization”խորագիրով բանաձեւ մը, որ պաշտօնական կը դարձնէ Սուրբ Աթոռին մասնակցութիւնը ԱՀԿ-ին որպէս մնայուն դէտ։

«Սոյն որոշումը կ՛արտացոլայ Սուրբ Աթոռի այն շարունակական կապը այդ կազմակերպութեան հետ 1953էն ի վեր եւ կը վկայէ ազգերու ընտանիքին յանձնառումը, երկխօսութեան եւ միջազգային զօրակցութեան միջոցաւ  դիմագրաւելու  համար, առողջապահական ընդհանրական մարտահրաւէրները, որոնք կը տանջեն մարդկութիւնը» կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Արդարեւ Սուրբ Աթոռը 1953-էն ի վեր մշտապէս հրաւիրուած է հաւաքներուն սակայն երեկուան որոշումով ան կը դառնայ պաշտօնական անդամ։ Բանաձեւը, ինչպէս նշեցինք  ներկայացուեցաւ Իտալիոյ կողմէ բայց ունեցաւ 71 երկիրներու աջակցութիւնը, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանն ու Լիբանանը։

Այս  ընդլայնուած հաւանութեամբ որդեգրուած բանաձեւը կը վկայէ գնահատանքը զոր  միջազգային հասարակութիւնը կը վերապահէ հանդէպ առողջապահական մարզէն ներս Եկեղեցւոյ գործունէութեան ինչպէս նաև Սուրբ Աթոռի յանձնառումին  աշխարհին մէջ խթանելու բազմակողմ երկխօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2021, 10:00