Ֆրանչիսկոս Պապ եւ մեծ մայրիկ մը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ մեծ մայրիկ մը 

Մեղքերու ընդհանրական թողութիւն 25 յուլիսին, տարեցներու միջազգային օրուան առթիւ

Առաքելական տնօրինման եւ ներման շնորհումի ատեանի հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 22 յունիսին, առաքելական տնօրինման եւ ներման շնորհումի ատեանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով, որ ընդառաջելով աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի քահանայապետական ժողովի նախագահ, Կարդինալ Ժոզէֆ Ֆարելի ներկայացուցած խնդրանքին, մեծ մայրերու եւ մեծ մայրիկներուն միջազգային օրուան առիթով, առաքելական տնօրինման ատեանը որդեգրելով հրամանագիր մը, ընդհանրական թողութիւնը կը շնորհէ այն հաւատացեալներուն, որոնք 25 յուլիսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս նախագահած ֆրանչիկսոս Պապին պատարագին, կամ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ մատուցուած սուրբ արարողութիւններուն։

Մեղքերու Ընդհանրական թողութիւն կը շնորհուի նաեւ այն հաւատացեալներու որոնք 25 յուլիսին, ժամանակ կը տրամադրեն այցելելու , դժուարութեան մէջ գտնուող եւ կարիքաւոր անձերուն, ինչպէս հիւանդներու, հաշմանդամներուն,։

Մեղքերու ընդհանրական թողութիւնը կը ստանան նաեւ այն հիւանդ տարեցները որոնք անկարող են իրենց բնակարանները թողելու ու հոգեպէս կը միանան տարեցներու միջազգային օրուան առթիւ մատուցուած սուրբ արարողութիւններուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2021, 12:31