Ընկերակցութիւններու հաւաքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ (2013) Ընկերակցութիւններու հաւաքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ (2013) 

Հրամանագիր հայող հաւատացեալներու միջազգային ընկերակցութիւններու աւագանիներու պաշտօնավարութեան ժամկէտին։

Հրամանագիրին մէջ բացառութիւն վերապահուած է ընկերակցութիւններու հիմնադիրներուն, որոնք ունին «բանալի դերակատարութիւն»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուցած է Աշխարհականներու,Ընտանիքի եւ Կեանքի ժողովի մէկ հրամանագիրը որով կը կարգաւորուի միջազգային բնոյթ ունեցող հաւատացեալներու ընկերակցութիւններու աւագանիներու իշխանութեան ժամկէտը, նպատակ ունենալով աւելիով շեշտել այդ իշխանութեան ծառայական բնոյթը։ Լուրը կը հաղորդէ նոյնինքն Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովը իր հրապարակած հաղորդարարութեամբ ուր կը նշուի թէ պատասխանատուներու պաշտօնավարութեան ժամկէտը կարող է տեւել առաւելագոյնը 10 տարի։ Սոյն հրովարտակը ուժի մէջ կը մտնէ երեք ամիսէն։

Հրամանագիրին մէջ բացառութիւն վերապահուած է ընկերակցութիւններու հիմնադիրներուն, որոնք ունին «բանալի դերակատարութիւն» եւ ի յարկին ու երբ կեդրոնական կառավարութիւնը կամք արտայայտէ անոնց պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգելու, Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի ժողովի կարող է արտօնութիւն շնորհել այդ ուղղութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2021, 13:00