Գաղթական, աղքատութիւն Գաղթական, աղքատութիւն 

Եզրափակուեցաւ Միջազգային Քարիթասի. «կիսենք ճամբորդութիւնը» խորագիրով ձեռնարկը։

Յայտնենք, թէ «կիսենք ճամբորդութիւնը» ծրագիրին նպատակն է գաղթականներու միջեւ ստեղծել հանդիպումի վայրեր եւ հնարաւորութիւններ, զարգացնելով փոխ ճանաչողութեան, եւ հանդիպումի մշակոյթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 15 յունիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, Միջազգային Քարիթասին «կիսենք ճամբորդութիւնը» խորագիրը կրող ձեռնարկի փակման վերաբերեալ։

Ունկնդրէ լուրը

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցողներուն շարքին էին նաեւ Ժողովուրդներու աւետարանումի ժողովի կառավարիչ եւ Միջազգային Քարիթասի նախագահ,Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն, միջազգային քարիթասի ընդհանուր քարտուղար Ալոիսուս Ժոն ու մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի քարտուղար, գերապայծառ Պրունօ Մարի Տուֆէն։

Յայտնենք, թէ «կիսենք ճամբորդութիւնը» ծրագիրին նպատակն է գաղթականներու միջեւ ստեղծել հանդիպումի վայրեր եւ հնարաւորութիւններ, զարգացնելով փոխ ճանաչողութեան, եւ հանդիպումի մշակոյթը։

Միջազգային քարիթասին ծրագիրէն ներս տեղի ունեցան 130 ձեռնակներ, իրականացուած աշխարհի մէջ տարածուած160 ազգային քարիթասներու կողմէ, որոնց նպատակը եղաւ հանդիպիլ գաղթականի մը, ընդունիլ զայն հասարակութենէն ներս եւ ճանչնալ անոր իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը։

Միջազգային Քարիթասի քարոզարշաւին իրենց զօրակցութիւնը բերին նաեւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւններէն ՖԱՕ-ն ու Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը ինչպէս նաեւ Act Alliance համամիութենական ցանցը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2021, 11:23