Կարդինալ Քանդալամեսա Կարդինալ Քանդալամեսա 

Կարդինալ Քանդալամեսա. «Թեքնիքը թող չփոխարինէ մարդկային կապը»։

Յիսուսի Սուրբ Սիրտ անուան Հռոմի հիւանդանոցին հարիւր ամեակին առթիւ սուրբ Պատարագ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 18 յունիսին, Քահանայապետական տան քարոզիչ կարդինալ Ռանիերօ Քանդալամեսա Սուրբ Պատարագ մատուցեց Հռոմի Յիսուսի Սուրբ Սիրտ անուան կաթողիկէ հիւանդանոցէն ներս հիւանդանոցին կառուցման հարիւր ամեակին առիթով։

Նշենք, որ Հայր Քանդալամեսա աշակերտած եղած համասլարանին ապա գրականութեան դասատու։

Սուրբ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ կարդինալ Քանդալամեսա քաջալերեց համալսարանի աշակերտները միասնաբար մշակելու միտքով եւ նաեւ սիրտով՝ գաղափարները զետեղելու համար անձերու ծառայութեան ի սպաս եւ ոչ թէ հակառակը։

«Երբեք մի մոռնաք որ բժշկական քննութիւններու թղթածրարին ներքեւ կայ մարդկային անձ մը եւ ստէպ ձեր ազնուութիւնը, ժպիտը, յոյսի խօսքը կրնայ աւելի օգտակար դառնալ քան դեղորայքը։» ըսաւ հայր Քանդալամեսան, հրաւիրելով աշակերտները որ երբեք թոյ չտան թեքնիքն ու առարկայացումը փոխարինեն մարդկային կապը։» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2021, 12:56