«Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանէն ներս քովիտ 19 ժահրով վարակուած նուիրատուէ սիրտի փոխպատուաստում։

Կատարուածը կեանքի եւ մահուան միջեւ ընտրանքը մըն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Առողջապահութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կատարուեցաւ քովիտ 19 ժահրով վարակուած սիրտի փոխպատուաստում՝ Հռոմի Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցէն ներս։

Սիրտի փոխպատուաստումը կատարուեցաւ քորոնա ժահրով վարակուած անձի մը սիրտի նուիրատուութեամբ՝ 5 տարեկան պատանիի մը։Փոխպատուաստումէն ետք, 15 տարեկան պատանին ենթարկուած է քովիտ 19 ի դէմ բուժումներուն։

Մանկաբուժարանի սիրտի բաժանմունքի պատասխանատու Փրոֆ Անթոնիօ Ամոտէօ խօսելով գործողութեան մասին, նշեց որ կատարուածը կեանքի եւ մահուան միջեւ ընտրանքը մը եղաւ։

Սիրտի փոխպատուաստումը իրականացնելու համար կարիքը եղաւ յատուկ հրամաններուն, որովհետեւ փոխպատուաստումը կարելի է իրականացնել միայն քովիտէն բուժուած անձերու միջոցաւ ։

Յետ քննութիւններուն, փոխպատուաստումի ենթարկուած պատանին պաշտպանուած է Քովիտ 19 ժահրի դէմ, շնորհիւ անոր արեան մէջ յատուկ հակաթոյնի մեծ քանակի ներկայութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2021, 14:02