«Գովեալ ըլլաս-ի շաբաթը» «Գովեալ ըլլաս-ի շաբաթը» 

«Գովեալ ըլլաս» տարւոյն եզրափակման առթիւ մէկ շաբաթ` նուիրուած համապարփակ բնապահպանութեան։

Յառաջիկայ 16 – 25 Մայիս 2021-ին Սուրբ Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած է «Գովեալ ըլլաս-ի շաբաթը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գովեալ ըլլաս շրջաբերականի հրատարակման 5-րդ տարեդարձին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ անցեալ տարի 16 մայիսին  «Գովեալ Ըլլաս» տարիին հռչակումէն մէկ տարի ետք, 16- 25 մայիս 2021-ին նախատեսուած է մէկ շաբաթ տեւողութեամբ տօնախմբութիւն. որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան ուսումնաժողովներ ու հանդիպումներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հռոմի Քուրիայի եւ կաթողիկէ քաղաքացիական ընկերութեան դերակատարներ, զրուցելու համար համապարփակ բնապահպանութեան նիւթին շուրջ։ 

Մեկնարկ 16 Մայիսին

Շաբաթին մեկնարկը կարող է տալ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը 16 Մայիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։

Վերոնշեալ տօնախմբութեան ձեռնարկները կազմակերպուած եւ համադրուած են Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վատիկանեան գերատեսչութեան հովանաւորութեամբ եւ անոնց կեդրոնական նիւթն է  ինչպէս  նշեցինք համապարփակ բնապահպանութիւնը։ 

Համապարփակ բնապահպանութիւն

17 մայիսին նիստերու եւ հաւաքներու կեդրոնական նիւթը պիտի հանդիսանայ «Կարեւոր հնարաւորութիւններ 2021 տարուայ ընթացքին ստեղծելու համար փոփոխութիւնը. Կոչ համապարփակ մէկ ուղեւորութեան»։ 18 մայիսի կեդրոնական նիւթը պիտի ըլլայ կրթութիւնը մինչ 19 մայիսին նիւթերն են տնտեսութիւնը, Հանածոյ վառելիքը եւ մարդկային իրաւունքները։ 20 մայիսին պիտի խօսուի  երկրագունդին ի նպաստ յոյս սերմանելու մասին ու պիտի ներկայացուի արարչագործութեան խնամքին աղօթքի ցանցը։

Մայիսի 21-ն նուիրուած է «հասարակաց տան ի նպաստ գործողութիւններու համաշխարհային օրուան» մինչ  Մայիսի 22-ին տեղի կ՛ունենայ «Երգեր ստեղծագործութեան համար» փառատօնը, եւ «Laudato si » մրցանակներու շնորհումը, մէկը լաւագոյն լուսանկարի, միւսը `լաւագոյն զեկոյցի համար, որոնք կը հային համապարփակ բնապահպանութեան թեմաներուն: 

Գովեալ ըլլաս գործողութիւններու հարթակը

23 Մայիսին Հոգեգալուստի տօնին օրը Սրբազան Քահանայապետը կարող է այլ պատգամ մը ուղղել այս կապակցութեամբ եւ օրհնել «հովուական գործիչները», որոնք կը հռչակեն «Արարչագործութեան Աւետարանը»։ Նոյն օր նախատեսուած է աղօթքի հաւաք Ասսիզիի Սրբավայրին  մէջ, ներկայութեամբ Ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի նախագահ` Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի։ 

24 Մայիսին մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ժողովը ձեռնարկած է ջուրի հարցի մասին  կլոր սեղան մինչ 25 մայիսին, շաբթուայ եզրափակիչ օրը` պաշտօնապէս պիտի մեկնարկէ «Գովեալ ըլլաս գործողութիւններու հարթակը»։ 

Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններուն համար կարելի է այցելել  ձեռնարկին նուիրուած կայքէջը`  հետեւեալ հացէին վրայ https://laudatosiweek.org/events/

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2021, 07:50