Կարմիր Խաչի նահատակ բուժքոյրերը Կարմիր Խաչի նահատակ բուժքոյրերը 

Սպանիա, Կարմիր Խաչի նահատակ բուժքոյրերու երանացման արարողութիւն։

Սպանիայի Ասթորկա քաղաքին մէջ Կարդինալ Սեմերարոն Երանելի հռչակեց սպանական քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին 1936-ին սպաննուած 3 կիները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փիլար, Օլկա եւ Օքթավիա, ասոնք ենք Կարմիր Խաչի նահատակ երեք երիտասարդ բուժքոյրերու անունները որոնք 28 հոկտեմբեր 1936 նահատակուեցան Սպանիայի մէջ, քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքներու բերումով։  Անոնց երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ 29 Մայիսին Ասթորկայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ նախագահութեամբ Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյի։

Մատրիտ ծնած 25 ամեայ María del Pilar Gullón y Turriaga, Փարիզ ծնած 23 ամեայ Olga Pérez-Monteserín Núñez եւ Ասթորկայի ծնունդ 41 ամեայ Octavia Iglesias Blanco, լաւապէս հասկցան Տիրոջ խօսքը որ ըսաւ. «Մի վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպանեն» ըսաւ իր քարոզին մէջ Կարդինալ Սեմերարոն, դիտել տալով՝ թէ անոնք «նուիրուած» էին մարմնի վէրքերը դարմանելու ծառայութեան ու սփոփելու նաեւ հոգիները։

Երեք կիները իրենց ծառայութիւնը կը մատուցէին «Puerto de Somiedo» հիւանդանոցին մէջ ու հակառակ սպառնալիքներուն անոնք մերժեցին հեռանալ այդ վայրէն ու միայնակ թողուլ վիրաւորները շարունակելով խնամք տանիլ անոնց վտանգի տակ դնելով նոյնիսկ իրենց սեփական կեանքը, պատրաստ ըլլալով նաեւ հաւատքի հոգիով դիմագրաւելու մահը։

Անոնք մեռան իրենց հաւատքը հաստատելով Քրիստոս Թագաւորին մէջ հետեւելով Յիսուսին խօսքին « մի վախնաք» եւ ընկալելով Տիրոջ բոլոր զինք սիրողներուն խոստացած կեանքի դափնեպսակը։

Կարդինալ Սեմերարոն քարոզի աւարտին ակնարկելով երեք երանելիներուն ապրած վախին ու վախը դիմակայելու քաջութեան մատնանշեց մեր ապրած ժամանակներու համաճարակի վախին, որուն բերումով «բոլորս կը տառապինք եւ կը յուսանք շուտով դուրս գալ» յայտնեց Ան նշելով՝ որ այդ ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի ցոյց տուաւ ճանապարհը ու «այդ մէկը սիրոյ ճանապարհն է» հաստատեց Կարդինալ Սեմերարօ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2021, 20:14