Մատկասքարի մէջ ջուրի չորութիւն, անօթութիւն Մատկասքարի մէջ ջուրի չորութիւն, անօթութիւն 

Շարք մը տեսաժողովներ «Սնունդ Կեանքի Համար, Սննդական Արդարութիւն, Սնունդ Բոլորին Համար» նիւթի մասին։

Տեսաժողովներու.ն մէջ կարեւոր դեր պիտի ունենան կիները, բնիկ համայնքները, տագնապի մէջ ապրող անձերը, հողամշակոյթով զբաղող անձերը, անոնց փորձարութիւններէն եւ իմաստութենէն սորվելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 12 մայիսին, սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով շարք մը տեսաժողովներու ձեռնարկի մասին, որ տեղի պիտի ունենան «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի նուիրուած շաբթուան ընթացքին ։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ ի տես Միացեալ ազգերու, 2021ին, սննդամթերքի համակարգերու մասին յետագայ վեհաժողովին, Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարութիւնը, ՖԱՕի, ԻՖԱՏի եւ ՓԱՄ ի մօտ Սուրբ Աթոռին մնայուն առաքելութիւնը, Մարդկային Համապարփակ Զարգացման ծառայութեան ի սպաս ժողովը եւ Քովիտ 19ի Վատիկանեան յանձնախումբը, համագործակցութեամբ սննդամթերքի անվտանգութեան մարզէն ներս աշխատող գործակիցներուն, ձեռնարկած են շարք մը տեսաժողովներ, ունենալով որպէս տիտղոս «Սնունդ Կեանքի Համար, Սննդական Արդարութիւն, Սսնունդ Բոլորին համար»։

Ներշնչուելով ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս շրջաբերականէն յիշեալ տեսաժողովներուն նպատակն է ցոյց տալ թէ ինչպէս համապարփակ բնապահպանութիւնը կարող է ներշնչել սնունդի համակարգերու վերածնունդը, Քովիտէն ետք ապագային մէջ։ Տեսաժողովները լուսարձակի տակ պիտի առնեն թէ ինչպէս եկեղեցին եւ այլ մասնակիցներ կրնան նպաստել սննդամթերքի համակարգերուն կերպարանափոխումին, տանելով դէպի հասարակաց տան խնամքին, անօթութեան վերացումին, մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին , եւ հասարակաց բարիքի ծառայութեան որպէսզի ոչ մէկը ետ մնայ։

Տեսաժողովները սկիզբ պիտի առնեն «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին նուիրուած շաբաթուան ընթացքին, 16-24 մայիսին, որոնց մէջ կարեւոր դեր պիտի ունենան կիները, բնիկ համայնքները, տագնապի մէջ ապրող անձերը, հողամշակոյթով զբաղող անձերը, անոնց փորձարութիւններէն եւ իմաստութենէն սորվելու համար, ու փոխանցելու համար համաշխարհային քննարկումներ ու գործողութիւններուն ծրագիրներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2021, 13:04