Միջ կրօնական եկխօսութիւն Միջ կրօնական եկխօսութիւն 

«Երկխօսութիւն եւ Աւետում» խորագիրով փաստաթուղթին երեսուն ամեակը։

Փաստաթուղթը բաժնուած է երկու մասերու, առաջինը նուիրուած է երկխօսութեան, երկրորդը Աւետարանի հռչակման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 19 մայիսին, կը նշուի երեսուն տարի առաջ, Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի եւ ժողովուրդներու աւետարանումի ժողովի համատեղ հրապարակած «երկխօսութիւն եւ աւետում, միտքեր եւ կողմնորոշումներ միջ կրօնական երկխօսութեան եւ Յիսուսի Քրիստոսի Աւետարանի հռչակման վերաբերեալ» վերնագիրը կրող փաստաթուղթին։ Այս առթիւ տեղի ունեցաւ տեսաժողով մը որուն  նիւթը եղաւ «Երկխօսութիւն եւ աւետում, երեսուն տարի ետք»։

«Երկխօսութիւն եւ աւետում, միտքեր եւ կողմնորոշումներ միջ կրօնական երկխօսութեան եւ Յիսուսի Քրիստոսի Աւետարանի հռչակման վերաբերեալ» փաստաթուղթին մէջ, քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդն ու ժողովուրդներու Աւետարանումի ժողովը միասնաբար ներկայացուցին կարգ մը կէտեր օգնելու համար քրիստոնեաները՝ աճելու այլ կրօններոն պատկան հաւատացեալներուն հետ՝ յարգանքով, մնալով հաւատարիմ աւետարանի հռչակման պահանջին, յարգելով Յիսուսի եկեղեցւոյ վստահած պարտականութիւնը։

Փաստաթուղթը երկխօսութեան Աստուածաբանական հիմքը

Փաստաթուղթը բաժնուած է երկու մասերու, առաջինը նուիրուած է երկխօսութեան, երկրորդը Աւետարանի հռչակման։ Միջ կրօնական երկխօսութիւնը, չի բացառեր եկեղեցւոյ աւետարանումի գործունէութիւնը ու կը բացատրէ երկու գործունէութիւններուն յատկութիւնները ու փոխգործակցութիւնը։

Փաստաթուղթին մէջ յորդորուած է նաեւ ճանչնալ կրօնական աւանդութիւնները կապ հաստատելով այլ կրօններու անդամներու հետ միջ կրօնական երկխօսութեան փորձառութեան միջոցաւ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2021, 14:07