Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի երդման արարողութիւն Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի երդման արարողութիւն 

Վատիկանի մէջ քահանայապետական պահակագունդի 34 նոր անդամներուն երդման արարողութիւն

Առաքելական պալատին ներքնագաւիթէն ներս Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներուն երդման արարողութիւնը , 1506 թուականէն Քահանայապետի ծառայութեան ի սպաս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 6 մայիսին Վատիկանի Զուիցերիական Պահակազօրի 34 նոր անդամներ կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի ներկայացուցիչ Էտկար Բենիա Բարրայի ներկայութեան։ Երդման արարողութիւնը կատարուեցաւ Տամասոսի Հրապարակի տարածքին, Պահակազօրի դրօշին վրայ արտասանելով երդման բանաձեւը. «Կ՚երդնում ծառայել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ անոր օրինաւոր յաջորդներուն հաւատարմութեամբ, օրինապահութեամբ եւ պատուաւոր կերպով, ինչպէս նաեւ անոնց նուիրել իմ անձս բոլոր կարողութիւններովս, ի պահանջել հարկին զոհելով նաեւ կեանքս՝ անոնց պաշտպանութեան համար։» Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Զուիցերիայի նախագահ՝ Կի Փարմըլէն, ներկայացուցիչներ զուիցերիական բանակին եւ Զուիցերիայի Եպիսկոպոսական Ժողովին։

1527 թուականի մայիսի 6ին 147 զուիցերիացի զինուորներ հերոսաբար զոհուած էին Կղեմէս Է. Քահանայապետի պաշտպանութեան ժամանակ երբ գերմանացի հետեւակայիններ եւ իտալացի ու սպանացի վարձկաններ կողոպուտի ենթարկած էին Հռոմը եւ Սուրբ Աթոռի կալուածները։

Հետեւեցէք

Երդման արարողութենէն առաջ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ։ Ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց հանդիսականներուն։

Պահակազօրի հրամանատարը՝ Քրիսթոֆ Կրաֆ անդրադարձաւ համաճարակի դժուարին պայմաններուն եւ անոր պատճառած սահմանափակումներուն։ Սակայն իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ արարողութիւնը իրականացած էր, թէկուզ լոկ ընտանեկան պարագաներու ներկայութեամբ։

Պահակազօրի մատրանապետ Թոմաս Վիտմերի խորհրդածութիւնը

Պահակազօրի մատրանապետ Թոմաս Վիտմեր իր խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ երդման բանաձեւին։ Ապա յիշեցուց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ 2021ը հռչակած էր Ս. Յովսէփի տարի, նկատելով, թէ Ս. Յովսէփը տիպար մըն է նաեւ Պահակազօրի համար՝ ծառայութիւնը կատարելու հաւատարմութեամբ եւ ազնուութեամբ։ Ս. Յովսէփ լռակեաց էր, սակայն չէր վարաներ օգնելու եւ ծառայելու՝ երբ հարկը կը պահանջէր։

Սակայն բարի կամքը բաւարար չէ միշտ, ըսաւ մատրանապետը, եւ անդրադարձաւ յաջորդ տարիներուն նոր զօրանոցի մը կառուցման ծրագրին, որ մեծ մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէր։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլորին որոնք այդ նպատակին նեցուկ կանգնած էին եւ յոյս յայտնեց, որ ծրագիրը շարունակէ օժանդակութիւն գտնել Զուիցերիայի եւ Վատիկանի մէջ։

Երդման արարողութիւնը փակուեցաւ Պահակազօրի ներկայացուցած երաժշտական ծրագրով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2021, 08:46