Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

24 նորընծաներու սարկաւագական ձեռնադրութիւն Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս։

Քրիստոսի խոստացած պտուղները ասոնք են սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն , համեստութիւն, հաւատարմութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 1 մայիսին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարի մէջ, Ժողովուրդներուն աւետարանումի ժողովի կառավարիչ , կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ մատուցեց սուրբ Պատարագ եւ կատարեց սարկաւագական ձեռնադրութիւն Քահանայապետական Ուրպանօ վարժարանի 24 նորընծաներու։

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին արտասնած քարոզի մէջ կարդինալ Թակլէ բացատրելով սարկաւագի իմաստը, յիշեց Lumen Gentium փաստաթուղթէն հատուած մը «սարկաւագներ կը ձեռնադրուին, ոչ թէ քահանայութեան համար , այլել ծառայութեան համար։ Քահանայական շնորհքի ուժով սարկաւագները կը գործեն ծէսի ծառայութեան, Աւետարանի եւ եղբայրասիրական գործերու նպատակաւ։

Կարդինաթ Թակլէ նշեց որ սարկաւագին պաշտօնը կը կայանայ ողորմածներ ըլլալու մէջ, Տիրոջ ճշմարտութեան համաձայն ընթանալու մէջ, Տէրը որ ծառայ եղաւ բոլորին։ Սարկաւագները իրենց պաշտօնը կրնան կատարել ընթանալով Տիրոջ ճշմարտութեան, ուղիին եւ կեանքին համար։ Սարկաւագները կանչուած են դառնալու Յիսուսի կենդանի. Նշանները ըսաւ կարդինալ Թակլէ աւելցնելով որ սարկաւագները համայն հասարակութեան կը յիշեցնեն, ծառայութեան պարտականութիւնը։ «Եթէ Յիսուս մեր մէջ կ՝ապրի, ըսաւ կադինալ Թակլէ, պէտք ենք ապրիլ ու մնալ իր մէջ,պէտք է հաւատարիմ մնանլ որթատունկին։Քրիստոսի խոստացած պտուղները ասոնք ենք, սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն , համեստութիւն, հաւատարմութիւն։ Նոյնինքն Յիսուս պտուղն է որ կ՝ապրի մեր մէջ։Աշխարհն ու մարդկութիւն, կը տառապին կեղծ ծառաներուն պատճառաւ, որոնք կը յառաջացնեն հպարտութեան, եսասիրութեան, նախանձութեան, ատելութեան բաժանումի վնասակար պտուղներ։»

Կարդինալ Թակլէ սարկաւագներէն խնդրեց, որ աշխարհին ցոյց տան խոնարհ ծառայութեան մեծութիւնը, որ պտուղն է Յիսուսի մէջ ապրելու ։ Ան քարոզը աւարտեց հայցելով Տիրամօր Եւ Սուրբ Յովսէփի՝ երկու խոնարհ ծառաներու հովանին, որոնք ապրեցան Յիսուսի մէջ եւ Յիսուսի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2021, 08:56