“Exploring the Mind, Body and Soul”, առցանց գիտաժողով “Exploring the Mind, Body and Soul”, առցանց գիտաժողով 

Կարդինալ Փարոլին «այսօր մարդկութիւնը հրաւիրուած է ինքզինք նայելու առանց բացարձակ գերազանցութեան համոզումին»։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի պատգամը «ուսումնասիրել միտքը, մարմինը եւ հոգին, ինչպէս նորարութիւնն ու նորութիւնները համակարգերը կը բարելաւեն մարդու առողջութիւնը» նիւթով միջազգային համագումարին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 8 մայիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատկերասփռուած պատգամ յղեց «ուսումնասիրել միտքը, մարմինը եւ հոգին, ինչպէս նորարութիւնն ու նորութիւնները համակարգերը կը բարելաւեն մարդու առողջութիւնը» նիւթով միջազգային համագումարին։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ ծիրանաւոր ողջունեց համագումարի մասնակիցները ու Քահանայապետական մշակութային խորհուրդը որ Վատիկանեան այլ կազմակերպութիւններու հետ մասին կազմակերպած են սոյն նախաձեռնութիւնը։

Համագումարին նիրթերը. բնապահպանութիւնը, տնտեսականութիւնն ու արհեստագիտութիւնը

Կարդինալ Փարոլին ընդհանուր ակնարկ կատարեց համագումարին նիւթերուն, որոնց շարքին են բնապահպանութիւնը, տնտեսականութիւնն ու արհեստագիտութիւնը, որոնք յանձնառու են առողջապահութեան եւ մերձաւորին պաշպանութեան ըսաւ ան նկատել տալով, որ այսօր մարդկութիւնը հրաւիրուած է ինքզինք նայելու առանց բացարձակ գերազանցութեան համոզումին, որովհետեւ գիտակից ենք որ մեր կեանքը կախեալ է այլ կազմուածքներէն եւ առանց հաւասարակշռուած կենսահամակարգի փլուզումի ենթարկուած ենք ։

 Ոսումնասիրել, խորացնել մարդու էութեան խորհուրդը

Կարդինալ Փարոլին ապա զրուցեց մարդու բանականութեան եւ բարոյական խղճի մասին նշելով որ կը խոկանք ոչ միայն մեր մասին այլեւ ուրիշ բաներու մասին տիեզերքի ու մեզ շրջապատող երեւոյթներուն մասին մինչ բարոյական խիղճը մեզի թոյլ կու տայ գործել զանազանելով ինչ որ բարի է եւ ինչ որ չար։

Բարոյական ուժեղ զգացում մը մեզ կը մղէ չեղեալ յայտարարելու եւ ընգրկելու գործունէութիւններ որոնք վերջ կը դնեն անարդարութիւնները՝ համերաշխ գործողութիւններուն միջոցաւ որոնք կը հակասեն չար յայտնաբերումներուն։

Կարդինալ Փարոլին եզրակակեց իր պատգամը մաղթելով քաջութեամբ շարունակել խորացնել, ուսումնասիրել մարդու էութեան խորհուրդը բացայայտելու եւ հմայուած մնալու համար մեզ իսակապէս մարդկային դարձնող իրողութիւններէն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2021, 11:34