Հայր Ֆրանչեսքօ Մարիա Տէլլա Քրոչէ Ժորտան Հայր Ֆրանչեսքօ Մարիա Տէլլա Քրոչէ Ժորտան 

«Սալվաթորիան» միաբանութեան հիմնադիր Հայր Ֆրանչեսքօ Մարիա Տէլլա Քրոչէ Ժորտանի Երանացման արարողութիւնը։

Միաբանութեան առաջին ընդհանուր ժողովին առթիւ 1902-ին Աստուծոյ Ծառայ Հայր Ֆրանչեսքօ Մարիա Տէլլա Քրոչէ Ժորտանը կ՛ընտրուի միաբանութեան ցկեանս ընդհանուր մեծաւոր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 Մայիսի առաւօտեան Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անճելօ ՏԷ Տօնաթիսի նախագահութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Երանելի կը հռչակուի Հայր Ֆրանչեսքօ Մարիա Տէլլա Քրոչէ Ժորտան, Տիվին Սալվաթոր (Աստուածային փրկիչ) ընկերութեան եւ Տիվին Սալվաթոր քոյրերու միաբանութեան հիմնադիրը։

Կենսագրական տեղեկութիւններ

Ան ծնած էր 16 յունիս 1948-ին Գերմանիայի «Gurtweil» քաղաքին մէջ։ 29 տարեկանին մուտք կը գոrծէ նորընծայարան եւ 21 Յուլիս 1878-ին քահանայ կը ձեռնադրուի։ Հռոմ կ՛ուղարկուի արեւելեան լեզուներ սորվելու համար ապա կը մեկնի Լիբանան Մարոնիթներու Այն Ուարքա ուսումնական կեդրոն։

Սուրբ Երկիր այցելութեան ընթացքին ներշնչումը կ՛ունենայ հիմնադրելու հաւատքի տարածումին նուիրուած ընկերութիւն մը եւ այսպէսով 8 դեկտեմբեր 1881-ին, Հռոմի Սանթա Պրիճիտա մատրան մէջ սկիզբ կու տայ Տիվին Սալվաթոր (Աստուածային փրկիչ) ընկերութեան, որուն անդամները այսօր ճանչցուած են որպէս «Սալվաթորիանի»։ Եօթը տարիներ ետք, 8 դեկտեմբեր 1888-ին, Թիվոլի քաղաքին մէջ կը հիմնէ Տիվին Սալվաթոր քոյրերու միաբանութիւնը համագործակցութեամբ Երանելի Մարիա Տէյլի Ափոսթոլիին։

13 դեկտեմբեր 1893-ին հաւատոյ տարածման ժողովը Սալվաթորիան միաբանութեան կը յանձնէ Հնդկաստանի Ասսամի առաքելութեան առաքելական հոգաբարձութիւնը։

Միաբանութեան առաջին ընդհանուր ժողովին առթիւ 1902-ին Աստուծոյ Ծառայ Հայր Ֆրանչեսքօ Մարիա Տէլլա Քրոչէ Ժորտանը կ՛ընտրուի միաբանութեան ցկեանս ընդհանուր մեծաւոր։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին կը փոխադրուի Ֆրիպուրկ (Զուիցերիա)։ Ան իր մահկանացուն կը կնքէ 8 սեպտեմբեր 1918-ին Զուիցերիոյ Թաֆէր քաղաքին մէջ։

1956-ին անոր աճիւնները կը փոխադրուին Հռոմ եւ այժմ պահպանուած են միաբանութեան Մայր Տան մատրան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2021, 09:26