Անմեղ մանուկներ Անմեղ մանուկներ 

Սուրբ Երկիր։ Միջազգային Քարիթասին կոչը ի նպաստ Կազային. Կարիքը կայ դեղորայքի եւ առաջնային կենսամիջոցներու։

Կազայի բնակչութիւնը երկար տարիներ պատերազմ ապրած է, բայց բոլորն ալ համաձայն են, որ այս անգամ բոլորովին տարբեր է: Անոնք յայտնուած են թակարթի մէջ, այդ խիտ բնակեցութեամբ հողատարածքին վրայ, օդային բռնի ռմբակոծումներու թիրախ, առանց ապաստանարանի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մինչ Կազայի մէջ կը շարունակուին Իսրայէլացիներու եւ Համասի միջեւ բախումներն ու ռմբակոծումները մարդասիրական ճգնաժամը օր ըստ օրէն աւելի կը բարդանայ ու կը ծանրանայ,  մեռեալներուն ու վիրաւորներուն թիւը կ՛աճի եւ այս ողբերգական իրադարձութիւնները սարսափելի հետեւանքներ կը թողուն բոլորին վրայ։

Այս իրականութեան դիմաց Միջազգային Քարիթասը հրապարակեց հրատապ կոչ մը, խնդրելով սատարել եւ օգնութիւն տրամադրել ռմբակոծումներու թիրախ բնակչութեան` դեղորայք եւ այլ կենսական պիտոյքներ ապահովելու համար։

Քարիթաս Երուսաղէմի յանձնառումը

Քարիթա Երուսաղէմը կը պատրաստուի համապատասխանել հազարաւոր անձերու կարիքներուն, յատկապէս վիրաւորներուն ու անոնց` որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց տուները եւ այլուր գտնել ապաստան։

«Ռմբակոծումները ծայրաստիճան ուժգին են: Կազայի բնակչութիւնը երկար տարիներ պատերազմ ապրած է, բայց բոլորն ալ համաձայն են, որ այս անգամ բոլորովին տարբեր է: Անոնք յայտնուած են թակարթի մէջ, այդ խիտ բնակեցութեամբ հողատարածքին վրայ, օդային բռնի ռմբակոծումներու թիրախ, առանց ապաստանարանի», այսպէս կը ներկայացնէ իրավիճակը Քոյր Պրիտժէթ Թիկէ, Քարիթաս Երուսաղէմի ընդհանուր քարտուղարուհին։ «Մարդիկը կը ջանան իրենց կեանքը փրկել ապաստան գտնելով դպրոցներուն մէջ, ուր արդեն 17 հազար անձեր տեղափոխուած են» կը պատմէ Քոյր թիկէ։

Հարիւրաւոր մեռեալներ, որոնց շարքի մանուկներ

Պաղեստինեան աղբիւրներու համաձայն անցեալ 10 մայիսէն ի վեր Կազայի մէջ սպաննուած են 212 պաղեստինցիներ, որոնց շարքին 61 մանուկներ մինչ վիրաւորներուն թիւը հասած է 1400։ Իսրայէլական աղբիւրներ կը հաղորդեն թէ ունին 10 մեռեալ, որոնց շարքին մէկ մանուկ եւ 294 վիրաւորներ։

Օգնութիւններու կարիք

«Շարունակուող ռմբակոծումները Երուսաղէմի Քարիթասին տակաւին թոյլ չեն տար միջամտել, բայց երբ հրադադարի դրութիւնը հաստատուի ամէն տեսակ աջակցութիւն պիտի մատուցենք» կը նշէ միշտ Քոյր Թիկէ դիտել տալով թէ Քարիթասը կարիքը ունի օգնութեան եւ միջոցներու` դիմագրաւելու համար բժշկական ծառայութեան պէտքերը ու բնակչութեան երաշխաւորելու օգնութիւններ, դարման, կերակուր եւ առաջնային կենսամիջոցներ։

Մարդասիրական ճգնաժամը

Այս հակամարտութեան որպէս արդիւնք վտանգը կայ մեծ մարդասիրական ճգնաժամի մը ուր 40 հազար պաղեստինցիներ տեղահանուած են ու այլ 2500-ը կորսնցուցին իրենց բնակարանները։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2021, 10:17