Ֆրանչիսկոս Պապը Ասսիզիի մէջ կը ստորագրէ «Frtaelli tutti» շրջաբերկանը  (2020) Ֆրանչիսկոս Պապը Ասսիզիի մէջ կը ստորագրէ «Frtaelli tutti» շրջաբերկանը (2020) 

«Fratelli tutti» շրջաբերականը կ՛ամրապնդէ մարդկային ընտանիքին միութիւնը. Գերապայծառ Եուրքովիչ:

Այս առթիւ Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ Սուրբ Աթոռի ՄԱԿ-ի Ժընեվի գրասենեակի մօտ մնայուն դէտը յայտնեց թէ մարդկութեան ապագան կախեալ է միջ կրօնական երկխօսութենէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 15 ապրիլ 2021-ին Ժընեվի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՛ունենայ «եղբայրութեան, բազմակողմնութեան ու խաղաղութեան» նիւթերուն նուիրուած յատուկ առցանց ձեռնարկ մը, որուն առթիւ կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Պապին Մարդկային Եղբայրութեան նուիրուած «Fratelli tutti» շրջաբերականը։

Ձեռնարկին, որ կազմակերպուած է ՄԱԿ-ի Ժընեվի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն առաքելութեան գրասենեակի կողմէ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միջազգային մեծ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ կրօնական ղեկավարներ։ Ձեռնարկին կարելի է հետեւիլ Սուրբ Աթոռի Ժընեվի մնայուն առաքելութեան «Youtube»-ի կայքին վրայ սկսեալ ժամը 15-էն։ Հանդիպումին բացումը կը կատարէ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար Կարդինալ Փարոլինը, որ պիտի զեկուցէ «մարդկային եղբայրութեան նիւթին մասին ու թէ ինչպէս ան կարող է ազդեցութիւն ունենալ միջազգային հասարակութեան համագործակցութեան ծիրէն ներս։

Կրօնական երկխօսութիւն եւ ընկերային արդարութիւն

հանդիպումի երկրորդ մասին մէջ շեշտը պիտի դրուի միջ կրօնական երկխօսութեան ու ընկերային արդարութեան նիւթերուն վրայ, որոնց մասին ելոյթ կ՛ունենան Միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը կարդինալ Միկել Անկել Այուզօ Կիսոն, Յորդանանի իշխան Էլ հասսան Պըն Թալալ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Եոան Սաուքա եւ Արժանթինցի Րաբունապետ Ապրահամ Սքորքա, որ Ֆրանչիսկոս Պապին մտերիմ բարեկամն է։

Մարդկութեան ապագան կախեալ է միջ կրօնական երկխօսութենէն

Այս առթիւ Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ Սուրբ Աթոռի ՄԱԿ-ի Ժընեվի գրասենեակի մօտ մնայուն դէտը յայտնեց թէ մարդկութեան ապագան կախեալ է միջ կրօնական երկխօսութենէն։

Մատնանշելով ապա Քահանայապետին շրջաբերականին Ան ընդգծեց թէ բոլորս իրարու հետ կապուած ենք, որպէս «մարդկային ընտանիք» ու թէ այս մէկը աւելիով ի յայտ եկաւ այս տարի համաճարակի ընթացքին, որ աւելիով բացայայտեց երկիրներու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Աւելիով խոցելիները միշտ աւելի նուազ կերպով նկատի առնուած են

Գերապայծառ Եուրքովիչ անդրադարձ կատարեց նաեւ թէ ինչպէս մինչ սկզբնական շրջանին տպաւորութիւն ունեցանք թէ պետութիւններու միջեւ զօրակցութեան օրինակները տեսանելի էին այժմ կը գտնուինք անորոշութեան պահերու դիմաց, ուր երկիրներու միջեւ անհաւասարութիւններու աճը ու բաժանումները միշտ աւելի տեսանելի դարձան ու նշմարելի է թէ աւելիով խոցելիները միշտ աւելի նուազ կերպով նկատի կ՛առնուին։

Անհատականութեան վիրուսը

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը այս մէկը նկատեց որպէս «արմատական անհատականութեան վիրուսը» ինչպէս մատնանշած է Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ասոր համար է, որ Սուրբ Աթոռը կարեւոր նկատեց կազմակերպել ձեռնարկ մը նուիրուած եղբայրութեան, բազմակողմնութեան ու խաղաղութեան ըսաւ Գերապայծառ Եուրքովիչը կարեւորելով նաեւ ՄԱԿ-ի դերակատարութիւնը ու այդ միջազգային հաստատութեան անհրաժեշտութիւնը ի գործ դնելու համար համամարդկային ծրագիրները։

«Աշխարհը պէտք է քալէ կրօններու միջեւ երկխօսութեան ուղիին վրայ, աշխարհին ապագան ասկէ կախեալ է» հաստատեց ՄԱԿ-ի Ժընեվի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչը ընդգծելով նաեւ երկխօսութեան որակի կարեւորութիւնը, որմէ կախում ունի մարդկութեան ապագան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2021, 09:10