Քահանայի լուսանկար Քահանայի լուսանկար 

Քահանայութեան մասին աստուածաբանական ուսումնաժողով։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ կը ներկայացուի Քահանայութեան մասին աստուածաբանական ուսումնաժողովը՝ կազմակերպուած Եպիսկոսպոսներու ժողովի կողմէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 12 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակէն ներս կը ներկայացուի Քահանայութեան հիմնարար աստուածաբանութեան վերաբերեալ միջազգային աստուածաբանական վեհաժողով ՝կազմակերպուած եպիսկոպոսներուն ժողովին կողմէ ։Աստուածաբանական վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 17-19 փետրուար 2022ին։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկայացումին ելոյթ ունեցողներուն շարքին կը զրուցեն նաեւ եպիսկոպոսներուն ժողովի կառավարիչ, Կարդինալ Մարլք Ուելլէն, Հռոմի ֆրանսական քահանայապետական վարժարանի մեծաւոր, Փրոֆ Վինսենթ Սիրէ, ինչպէս նաեւ Գրիգորեան քահանայապապետական համալսարանի ուսուցչուհի, Փրոֆ Միքէլինա Թենաչէ։

«Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Փրոֆ Միքէլինա Թենաչէ յայտնեց, որ քահանայութեան աստուածաբանութեան մասին ժողովը պիտի գումարուի եկեղեցւոյ ժամանակներու փոփոխումի մթնոլորտէն ներս ու Ժողովը գրեթէ ամբողջութեամբ կը հայի կոչումներուն, որ պիտի կատարուի սինոդականութեան ճանապարհի վրայ ինչպէս խնդրուած է ֆրանչիսկոս Պապին կողմէն։

Փրոֆ Միքէլինա շեշտեց, որ հաւատացեալները հրաւիրուած են ամէն ջանք գործելու եւ քննարկելու, թէ ինչ բանի վրայ հիմնուած է իրենց կոչումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2021, 09:50