Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Համաճարակի աւարտին համար աղօթքի արշաւ աշխարհի համայն սրբավայրերէն ներս

Ընտրուած են 30 սրբավայրեր որոնց շարքին է Լիբանանի Հարիսայի Տիրամօր սրբավայրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին խնդրանքի համաձայն մայիս ամսուան ընթացքին աշխարհի համայն սրբավայրերէն ներս աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած համաճարակի աւարտին եւ աշխատանքի ու ընկերային գործունէութիւններուն վերսկսման դիտաւորութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը աշխարհի բոլոր սրբավայրերը հրաւիրեց մասնակցելու աղօթք արշաւին, «ամբողջ եկեղեցիէն անընդհատ աղօթք բարձրացան առ Աստուած» լոյսի ներքոյ։

Աղօթք արշաւին նախաձեռնութիւնը կազմակերպած է քահանայապետական նոր աւետարանումի խթանման խորհուրդը, հրաւիրելով սրբավայրերը աղօթելու համաճարակի աւարտին համար, հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը։

Մայիս ամիս ամէն օր պիտի կատարուի վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը համաճարակի ողբերգութենէ տուժուած անձերուն դիտաւորութեամբ։

Մայիս ամիս ամէն օր՝ընտրուած 30 սրբավայրերէն մէկը պիտի առաջնորդէ Մարեմեան աղօթքը։ Այդ սրբավայրերու շարքին է նաեւ Լիբանանի Հարիսայի Տիրամօր սրբավայրը։

Աղօթքի արշաւի բացումը ու փակումը պիտի կատարէ Ֆրանչսիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկան քաղաքէն ներս։

Մէկ մայիսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պիտի աղօթէ շտապ օգնութեան Տիրամօր սրբապատկերին դիմաց, որ կը գտնուի Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս։ Աղօթքէն ետք նորին Սրբութիւնը պիտի օրհնէ սոյն ձեռնարկին համար պատրաստուած վարդարաններ, որոնք պիտի ուղարկուին ձեռնարկին մասնակցող 30 սրբավայրերուն։

Մայսի 31ին, ֆրանչիսկոս Պապ փակումը պիտի կատարէ Մարեմեան աղօթքի արշաւին, Վատիկանի պարտէզներու մէկուն մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2021, 12:02