Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

«Եկեղեցին թող միացած ըլլայ Աւետարանը հաւատալի կերպով աշխարհին վկայելու մէջ». Կարդինալ Փարոլին։

Ռատիօ « COPE»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Վատիկանի Պետական Քարտուղարը անդրադարձաւ տարբեր նիւթերու մասին ներառեալ իր քահանայական կուչումը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ յարաբերութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք հաղորդութեան ծառայութեան ի սպաս ենք» ու նաեւ  ի ծառայութիւն պաշտպանելու «եւ խթանելու Եկեղեցւոյ ազատութիւնը, կրօնական ազատութիւնը, աշխարհի մէջ խաղաղութեան պարտականութենէն անդին։ Երեւակայեցէք Եկեղեցին որքան աշխատանք կը տանի խաղաղութեան համար. Ասիկա իմ դիւանագիտութիւնը տեսնելու կերպն է»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ Սպանական  «COPE» ռատիոկայանի խմբագրական տնօրէն՝ Տիար Խօսէ Լուիս Ռեսթանիի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։

Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձաւ տարբեր նիւթերու մասին սկսեալ Պետական Քարտուղարի պաշտօնէն, Քահանայապետի հետ համագործակցութիւնը, Հռոմի Քուրիայի բարեփոխումները, Եկեղեցւոյ ներքին լարուածութիւնները, Չինաստանի մէջ Եկեղեցւոյ իրականութեան, Իրաք ճամբորդութիւնը եւ Եւրոպայի մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։

Ամրապնդել Սուրբ Աթոռի եւ տեղական Եկեղեցիներու միջեւ կապերը։

Կարդինալ Փարոլին խօսեցաւ իր քահանայական կոչումի մասին ու թէ ինչպէս 40 տարիներ առաջ անկախ իր կամքէն իրեն հնարաւորութիւն ընծայուեցաւ Քահանայապետի ծառայութեան տակ դնելու ինքզինք։

«Ես կը հաւատամ` որ իմ հիմնական կոչումս քահանայութեան կոչումն է. Ես կոչուած կը զգամ ըլլալու քահանայ, Տիրոջ առաքեալ մը, որ կ՛աշխատի Եկեղեցւոյ մէջ հոգիներուն ծառայութեան համար», ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը հաստատելով որ «եկեղեցական դիւանագիտութիւնն ալ մաս կը կազմէ քահանայի առաքելութեան» ու մատնանշելով՝ որ Պապական նուիրակներու պարտականութիւնը հովուական պարտականութիւն է, որուն նպատակն է ամրապնդել Սուրբ Աթոռի եւ տեղական Եկեղեցիներու միջեւ կապերը.

Հռոմի Քուրիայի բարեփոխումները։

«Առաքելական նոր սահմանադրութիւն մը պիտի փոխարինէ ներկայ սահմանադրութիւնը, որ հաւանաբար պիտի ունենայ «Praedicate Evangelium – Աւետարանը քարոզեցէք» տիտղոսը եւ Պետական Քարտուղարը պիտի շարունակէ համադրել Պետական Քարտուղարութեան աշխատանքները, անոր երեք մասնաճիւղերով. Ընդհանուր գործերու, պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու և դիւանագիտական​​ անձնակազմի համար մասնաճիւղերը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ընդգծելով, նաեւ, թէ «Պետական Քարտուղարը պիտի շարունակէ աշխատիլ ի նպաստ եկեղեցական դիւանագիտութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ համագործակցութիւնը

Խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան մասին, Ծիրանաւորը ակնարկեց իր զարմանքին երբ ութը տարիներ առաջ մինչ տակաւին Պապական Նուիրակ էր Վենեզուելլայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ընտրութենէն երկու ամիսներ ետք իրմէ խնդրեց դառնալ Պետական Քարտուղար եւ այս ծիրէն ներս բացատրեց թէ ինչպէս իր ու քահանայապետի միջեւ նկարագիրի տարբերութիւնը առաւելութիւն մը հանդիսացաւ եկեղեցւոյ ծառայութեան համար։ 

«Մեր տարբերութիւնները պէտք է փոխել ու դարձնել հարստութիւն աշխարհին համար, անոնք պէտք չէ ըլլան լարուածութեան առիթ` այլ համագործակցութիւն եւ իւրաքանչիւրը իր տեսակէտով, իր կերպով, իր զգայնութեամբ, իր պատրաստութեամբ,  իր մշակոյթով եւ իր հոգեւորականութեամբ, համագործակցի միւսին հետ։

Եկեղեցին դարձնել հաւատի Աւետարանը հռչակելու մէջ

Շարունակելով խօսիլ Քահանայապետի մասին, Կարդինալ Փարոլինը աւելցուց թէ ինչ որ զինք աւելիով տպաւորած է Ֆրանչիսկոս Պապին համեստութիւնն է։ «Երբ անոր մօտենաս կ՛անդրադառնաս թէ պարզ մարդ մըն է, առանց «փրոթոքոլի»։ Մարդ մը, որ մեծ հոգ կը տանի ուրիշներուն հետ փոխյարաբերութեան ու մօտիկութեան, ու կը ջանայ հանդիպիլ մարդոց…Անոր փափաքն է Եկեղեցին դարձնել աւելի հաւատալի Աւետարանը աւետելուն մէջ» ըսաւ Ծիրանաւորը։

Եկեղեցւոյ մէջ հակասութիւններուն համար մտահոգութիւն

Անդրադառնալով Եկեղեցական հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հակասութիւններուն Կարդինալ Փարոլինը ընդգծեց, թէ այդպիսի կացութիւն մը Եկեղեցւոյ վնաս կը հասցնէ, տրուած ըլլալով որ Քրիստոս աղօթեց անոր միութեան համար։  «Մտահոգուելու պատճառ կայ», ըսաւ Ծիրանաւորը դիտել տալով, որ հարցը հաւանաբար կը հայի Քահանայապետի կողմէ Եկեղեցւոյ  բարեփոխումներուն վրայ  դրած մեծ շեշտին, որուն նկատմամբ մեծ խառնաշփոթութիւն կայ։

Եկեղեցւոյ  կառոյցը, հաւատքի աւանդը, խորհուրդները, առաքելական ծառայութիւնը հնարաւոր չէ փոխել, բայց կայ «Եկեղեցւոյ մի ամբողջ կեանք, որ կարելի է նորոգել» կեանք, որուն մէջ կը գործեն մեղաւոր մարդիկ ուստի «կարիքը ունի շարունակական նորոգումի», հաստատեց Պետական Քարտուղարը բացատրելով, որ յաճախ այդ բաժանումներուն եւ հակառակութիւններուն պատճառը խառնաշփոթութիւնն է, զանգանելու անկարողութիւնը, այն հիմնական բաներէն, որոնք կարելի չէ փոխել,  ոչ հիմնական բաներէն,  զոր պէտք է բարեփոխել, ու պէտք է փոխել Աւետարանի հոգիով։

Չինաստանի Եկեղեցին

Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց նաեւ Չինաստանի եկեղեցւոյ իրականութեան անոր ապրած տառապանքին ու անոր յոյսերուն նշելով, որ մինչեւ օրս առնուած քայլերը հարցերը չի լուծեցին ու թէ մի գուցէ տակաւին ժամանակ պէտք է, բայց «կ՛ընթանանք շիտակ ուղիին վրայ» եւ այն ինչ որ կ՛ուզենք եւ կը փորձենք ընել այն  է` «պաշտպանել Չինաստանի փոքրիկ հասարակութիւնը» որ սակայն «ունի մեծ ուժ եւ կենսունակութիւն» յարեց Կարդինալ Փարոլինը։

Իրաքի քրիստոնեաներու վկայութիւնը։

Ան ապա խօսեցաւ Իրաքի ճամբորդութեան մասին հաստատելով, որ «Իրաքի քրիստոնեաները մեզի սորվեցուցին ինչ ըսել է հաւատքի վկայութիւնը, որ կը հասնի մինչեւ մարտիրոսութիւն»։

«Հակառակ ամէն բանի քրիստոնեաները կը շարունակեն մեծ արիութեամբ դաւանիլ իրենց կաթողիկէ հաւատքը։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն հաւատարիմ ըլլալու կարողութիւնը, հակառակ դժուարութիւններուն, բայց միաժամանակ անոնք մեզմէ կը հայցեն զօրակցութիւն»։ 

Եւրոպայի մէջ հաւատքի կորուստը

Խօսելով Եւրոպայի մէջ եկեղեցւոյ կեանքի մասին Կարդինալ Փարոլինը խոստովանեցաւ, որ բարոյական հարցերու հայող նոր օրէնսդրութիւններու ծաւալումը, որոնք միշտ աւելիով կը հեռանան քրիստոնէական արմատներէն կը մղեն կորսնցնելու հաւատքը, կորսնցնելու մարդ անհատին ինքնութիւնը, կորսնցնելու բանականութիւնը։

Ակնարկելով վիժումի հարցին Ան նշեց թէ անիկայ կրօնական հարց մը չէ այլ բանական հարց է, ընդգծելով`  որ Եւրոպայի մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ վկայութիւն։ 

«Մենք պէտք է հաւատքը վկայենք, պէտք է վկայենք մեր յոյսը, մենք պէտք է վկայենք սէրը» այս պէտք է ըլլայ քրիստոնէական կեանքի համոզուած եւ հետեւողական վկայութիւն», այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Եկեղեցւոյ կեանքի առաջին դարերուն, երբ աշակերտները հասան քրիստոնէական արժէքներէ զուրկ ընկերութեան մը մէջ եւ իրենց վկայութեամբ յաջողեցան փոխել մտայնութիւնը եւ ներմուծել Աւետարանի արժէքները։

Աղօթքի անհրաժեշտութիւնը

«Այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունինք աղօթքի, միանալու աղօթքի մէջ, որպէսզի Տէրը մեզ օգնէ ըլլալու հաւատարիմ Աւետարանը վկայելու առաքելութեան ու նաեւ մեր այսօրուայ աշխարհին մէջ մեր եկեղեցւոյ պատկանելիութեան» յարեց Վատիկանի Պետական Քարտուղարը հարցազրոյցի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2021, 09:30