»Յոյսի ուժը» փոքրիկ հատորին կողքը։ »Յոյսի ուժը» փոքրիկ հատորին կողքը։ 

Կարդինալ Ռավազի. «Պապին համաճարակի վերաբերեալ խորհրդածութիւնները իբրեւ հոգեւորական պատուաստանիւթ»։

Վատիկանեան տպագրատունի կողմէ հրապարակուած յիշեալ փոքրիկ հատորին նախաբանը ստորագրած է կարդինալ Ժանֆրանքօ Ռավազին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական մշակութային խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Ժանֆրաքօ Ռավազի ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին համաճարակի վերաբերեալ կարգ մը խորհրդածութիւններն ու մտածումները պարունակող փոքրիկ հատոր մը՝«յոյսի ուժը» վերնագիրով։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանեան տպագրատունի կողմէ հրապարակուած յիշեալ փոքրիկ հատորին նախաբանը ստորագրած է կարդինալ Ժանֆրանքօ Ռավազին։

«Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կարդինալ Ռավազի անդրադարձաւ գիրքին մասին նշելով ,որ փոքրիկ գիրքը կը պարունակէ համաճարակի վերաբերեալ ֆրանչիսկոս Պապին պատգամներն ու խորհրդածութիւններն ու Վատիկանի Հաղորդամիջոցներուն բաժանմունքի լուսանկարները առնուած համաճարակի աւարտին համար՝ ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած աղօթքի ձեռնարկէն ու այլ նախաձեռնութիւններէն։

Կարդինալ Ռավազի շեշտեց, որ Նորին Սրբութեան համաճարակի մասին խորհրդածութիւնները հոգեւորական պատուաստանիւթ են, ամոքելու համար բոլորիս սիրտին մէջ գտնուող այդ ցաւին վէրքերը։

Կարդինալ Ռավազին ապա անդրադարձաւ յոյս բառին, նշելով որ յոյս բառը, համաճարակի դժուար պահերուն արտայայտելիք հիմնական բառ մըն է ,որ յաճախ նշած է ֆրանչսկիս Պապը իր կոչերուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մեր մասին կը խօսի իբրեւ շատ փխրուն բիւրեղ արարածներ, քաջալերելով մեր հայեացճը սեւեռել համաճարակի վերջաւորութեան, ու չյանձնուիլ՝ ի տես նեղութիւններուն։

Կարդինալ Ռավազին հրաւիրեց շարունակել ուշադիր ըլլալ համաճարակին դէմ։ Յորդորեց չմոռնալ դժուարութեան մէջ գտնուող անձերու կարիքներն ու մօտիկութիւնը, նկատել տալով որ ողբերգութիւնը անտարբերութիւն մըն է որ կը բխի համաճարակէն մէկ տարի ետք, անարգելով օրէնքները ու մոռնալով հարցերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2021, 11:04