Կարդինալ Սեպասթիան Քոթօ Խուարայ, Կարդինալ Սեպասթիան Քոթօ Խուարայ,  

Ոչ եւս է Կարդինալ Սեպասթիան Քոթօ Խուարայ, Ափիրէի մէջ եկեղեցւոյ ծառան։

91 տարեկանին մահկանացուն կնքող ծիրանաւորը, կարիդնալական աստիճանը ստացած է Ֆրանչիսկոս Պապին օրով՝ 2016ին, դառնալով առաջին ծիրանաւորը Լեզոթօ թագաւորութեան մէջ ու Կաթողիկէ եկեղեցին վերածելով առաջին կրթական հաստատութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 19 ապրիլին, հոգին աւանդեց կարդինալ Սեպասթիան Քոթօ Խուարայ, Ափրիկէի մէջ Մոհալէս թեմի երբեմնի եպիսկոպոսը։

Ունկնդրէ լուրը

91 տարեկանի մահկանացուն կնքող ծիրանաւորը, կարիդնալական աստիճանը ստացած է Ֆրանչիսկոս Պապին օրով, 2016ին, դառնալով առաջին ծիրանաւորը Լեզոթօ թագաւորութեան մէջ ու Կաթողիկէ եկեղեցին վերածելով առաջին կրթական հաստատութիւնը։

Կարդինալ Քոթօ Խուարայ ծնած է, 11 սեպտեմբեր 1929ին, Թերիպէ թեմի Քուալինկ քաղաքին մէջ։ Ան 11 տարեկանին մկրտուած ու զգացած է քահանայական կոչումը։

Լեզոթօ քաղաքին մէջ ուսանած է Իմաստասիրութիւն եւ Աստուածաբանութիւնը, ապա մտած է Օպլաթի Մարիա Իմմաքոլաթա միաբանութիւն եւ քահայանայական ձեռնադրութիւն ստացած է 6 յունուար 1951ին։ Քահանայ ձեռնադրուելէ երկու օր ետք մկրտած է իր հայրը։ 10 նոյեմբեր 1977ին, Պօղոս Զ Պապին օրով եպիսկոպոս կ՝ընտրուի Մոհալէս Թեմին համար։

1982-1987 տարիներուն եղած է նախագահը Թեզոթոյին եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին, եւ շնորհիւ իր աշխատանքներուն, կաթողիկէ եկեղեցին իր երկրի մէջ դարձաւ կրթական առաջին հաստատութիւնը։

2016ին, ֆրանչիսկոս Պապին օրով, կարդինալ աստիճանի արժանանալէն ետք, առողջապահական հարցերու հետեւանքով չկարողացաւ մասնակցիլ Կարդինալական աստիճանի տուչութեան արարողութեան, սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ այլ 21 յունուար 2017ին, կարդինալան աստիճանը ստացաւ Լեզոթօ քաղաքին Պապական նուիրակի պալատին մէջ կայացած արարողութեան ընթացքին զոր նախագահեց Տուրպան Թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ Վիլֆրիտ Ֆոքսը։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ցաւակցական գիրը

Նշենք, թէ Կարդինալ Սեպաստթիան Քոթօ Խոարայի մահուան առիթով, ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր յղեց Մոհալես Հոէք թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Ժոն Թլհոմոլային։

Ցաւակցական գիրին մէջ մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ իմանալով Կարդինալ Սեպաթիան Քոթօ Խոարային մահուան լուրը, իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Մոհալէս Հոէք թեմի կղերին, կրօնաւորներուն, աշխարականներուն։

Ան ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնելով հանգուցեալ Սեպասթիանոյի, Մարիա Իմմաքոլաթա միաբանութեան իբրեւ անդամ մատուցած ծառայութեան համար, քահանայական կոչումներուն տածած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Լեզոթօ թեմին մէջ կրթական ծիրէն ներս մատուցած առաքելութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքները ապահոված է խնդրելով երկրաւոր Հայրէն, որ , վարձատրէ հանգուցեալին անխոնջ աշխատանքը ու ընդունի անոր ազնուական հոգին յաւիտենական թագաւորութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիրը աւարտեց իբրեւ խաղաղութեան նշան Յիսուսի քրիստոսի մէջ, իր առաքելական օրհնութիւնները փոխանցած է բոլոր անոնց որոնք կը սգան կարդինալին մահը։

Կարդինալ Քոթօ Խուարայի վախճանումով կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ 224 ծիրանաւորներ, 126 քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող կարդինալներ եւ 98 ոչ իրւաունք ունեցող։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2021, 08:55