Կրկէս Կրկէս 

Կարդինալ Թուրքսընի պատգամը կրկէսի աշխարհին. «Ուրախութիւնը տարածեցէք ձեր արուեստով»։

«Կրկէսներէն որոնք մեծապէս տառապեցան համաճարակի պատճառաւ, կը խնդրեմ, որ հազիւ կարելի ըլլայ կրկէսը տանին այնտեղ ուր մանուկներն ու տարեցները կը տառապին....անոնք եղան աւելիով շատ տուժած անձերը եւ ծարաւն ունին ուրախութեան, որ միայն կրկէսի աշխարհը կարող է նուիրել»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կրկէսի 11րդ օրուան առթիւ, որ կը յիշատակուի 17 ապրիլին Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վատիկանեան գերատեսչութեան կառավարիչը` Կարդինալ Փիթըր Ափփիա Թուրքսըն, պատգամ մը յղած է կրկէսի աշխարհին մէջ գործող մարդոց ու կիներուն մաղթելով, որ համաճարակին պատճառաւ անոնց գործունէութեան դադրեցումը շուտով սկիզբ առնէ ինչպէս նաեւ չպակսի անոնց ի նպաստ կառավարութիւններուն աջակցութիւնը։

Մանուկները եւ ծերերը ծարաւը ունին ուրախութեան

«Կրկէսներէն, որոնք մեծապէս տառապեցան համաճարակի պատճառաւ, կը խնդրեմ, որ հազիւ կարելի ըլլայ կրկէսը տանին այնտեղ ուր մանուկներն ու տարեցները կը տառապին....անոնք եղան աւելիով շատ տուժած անձերը եւ ծարաւն ունին ուրախութեան, որ միայն կրկէսի աշխարհը կարող է նուիրել» կը գրէ Կարդինալ Թուրքսըն «World Circus Federation»ի նախագահ` Ուրս Պլիզին յղած պատգամին մէջ, աւելցնելով, որ «Նաեւ անոնք` որոնք կը զբաղին առողջութեամբ կարիքը ունին ժպիտի բալասանին»։

Կրկէսի աշխարհը վտանգուած է

Վատիկանի ներկայացուցիչը կը նշէ ապա թէ «համաճարակին պատճառած տագնապը ու անոր կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած սահմանափակումները վտանգի կը մատնեն կրկէսի աշխարհի արդիւնաբերութեան նոյնինքն գոյութիւնը։ «Գործառնութիւններ, որոնք յաճախ մատակարարուած են ընտանիքներէ, որոնք համաճարակի պատճառաւ ստիպուած եղան պարտքերու տակ մտնել աւելի լաւ օրերու հասնելու յոյսով» կը գրէ Կարդինալ Թուրքսըն, կոչ ուղղելով թիկունք կանգնիլ այդ արուեստին, որ ուրախութիւն կը նուիրէ մեծերուն ու փոքրիկներուն։

Ոչ մէկը կը փրկու առանձին

Կարդինալ Թուրքսըն հուսկ կը մէջբերէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին անցեալ 27 մարտ 2020ին, Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակին վրայ կատարած աղերսական աղօթքի ընթացքին արտասանած խօսքերը` թէ «բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, դիւրաբեկ եւ մոլորուած ու բոլորս կոչուած ենք թիավարելու միասնաբար... բոլորս կարիքը ունինք իրարու թիկունք կանգնելու փոխադարձաբար» ու թէ «ոչ մէկը կը փրկուի առանցին» ու «փոթորիկին մէջ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ արթննալու եւ ի գործ դնելու զօրակցութիւնը եւ յոյսը, որոնք կարող են պարգեւել տոկունութիւն, աջակցութիւն եւ իմաստ մեր այս ժամերուն, որոնց ընթացքին մեզի կը թուի թէ ամէն ինչ կորուստի մատնուած է»։

Բարի Սամարացիի տիպարը

«Ասոր համար», կը գրէ Կարդինալ Թուրքսըն, «որպէսզի աշխարհին տառապանքը ապարդիւն չըլլայ, այլ ստանձնէ իմաստ ու մեզի օգնէ պատրաստելու տարբեր ապագայ մը, որ ըլլայ ստեղծարար փոփոխութեան մը աւետողը» Քահանայապետը կը յորդորէ ապրիլ բարի Սամարացիի տիպարով` միւսներուն հետ կառուցելու իսկական, նոր ու հարազատ կապեր։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2021, 09:44