Առողջութեան համաշխարհային օր Առողջութեան համաշխարհային օր 

«Առողջութեան համաշխարհային օրուան» նուիրուած Կարդինալ Թուրքսընի պատգամը:

«Կառուցել աւելի արդար և աւելի առողջ աշխարհ բոլորի համար»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) ապրիլի 7-ը հռչակած է Առողջութեան համաշխարհային օր` խորհրդանշելով 1948 թուականին կառոյցի հիմնադրումը: Այս տարուայ համաշխարհային օրուայ բնաբանն է «Կառուցել աւելի արդար և աւելի առողջ աշխարհ բոլորի համար» որուն նպատակն է շեշտը դնել այն հրատապութեան վրայ թէ պէտք է «աշխատիլ ու գործել վերացնելու համար անհաւասարութիւնները ու առողջապահութիւնը հասանելի դարձնել բոլորին» ինչպէս կը գրէ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ի պաս ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Փիթըր Ափփիահ Թուրքսընը, օրուան առթիւ հրապարակած իր պատգամին մէջ, ուր Ան կ՛ընդգծէ թէ. «2000 տարին պիտի յիշուի որպէս ջրբաժան տարի մը ընդմէջ առաջուայ մը եւ ետքի մը»։

«Կառուցել աւելի արդար և աւելի առողջ աշխարհ մը բոլորի համար»:

«Համաճարակը խորապէս դրոշմեց մեր կեանքերն ու ընկերութիւնը։ Ան աւելիով ծանրացուց ընկերային բազմաթիւ հարցերն ու մասնաւորապէս անհաւասարութիւնները, ինչպէս խնամքը բոլորին հասանելի դարձնելու անհաւասարութիւնը» կը գրէ Կարդինալ Թուրքսըն մատնանշելով Քահանայապետի խօսքերուն թէ «Տագնապէ մը դուրս կու գանք կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ» եւ ասկէ մեկնելով ան շեշտը կը դնէ առողջապահութեան համաշխարհային օրուան բնաբանին վրայ «Կառուցել աւելի արդար և աւելի առողջ աշխարհ մը բոլորի համար»:

Առողջութեան պաշտպանութեան հիմնական իրաւունքը կը հայի արդարութեան արժէքին

Համաճարակը աւելիով աճեցուց բացը, որ կայ թերաճ ու զարգացած երկիրներուն միջեւ, ծանրացնելով նաեւ անընդունելի անհաւասարութիւնը- որ կը ժխտէ աշխարհին արուարձաններուն մէջ ապրող մարդոց առողջապահական խնամքի մատակարարումը մոռնալով ` թէ «Առողջութեան պաշտպանութեան հիմնական իրաւունքը կը հայի արդարութեան արժէքին», որուն հիման վրայ պէտք չէ զանազանութիւն դնել ազգերու եւ պետութիւններու միջեւ, որովհետեւ «հասարակաց բարիքը կը հայի բոլորին եւ իւրաքանչիւրին» հաստատեց Կարդինալ Թուրքսըն։

Ասոր հիման վրայ մաղթելի է «ներդաշնակութիւն ստեղծել, առողջապահութեան պաշտպանութեան իրաւունքին եւ արդարութեան իրաւունքին միջեւ, եւ երաշխաւորուի արդար բաշխում ըլլայ առողջապահական կառոյցներու, ըլլայ անոնց հայող ֆինանսական կենսամիջոցներուն» կը գրէ միշտ Կարդինալ Թուրքսըն, հաստատելով, որ պէտք է նաեւ վերամտածուի առողջութեան հասկացողութիւնը «որպէս համապարփակ առողջութիւն», որ կը հայի բոլորին ու կախեալ է մէկը միւսէն։

Երախտագիտութիւն առողջապահական մարզի գործիչներուն

Կարդինալ Թուրքսըն հուսկ կը հրաւիրէ երախտագիտութիւն արտայայտել առողջապահական մարզի գործիչներուն, որոնք պայքարեցան հիւանդներու առողջութիւնը ապահովելու համար, հաւատարիմ մնալով իրենց կոչումին, որպէս հիմք ունենալով մարդկային արժանապատւութեան յարգանքը, «որ է նաեւ հիմք արդարութեան» դիտել կու տայ Ծիրանաւորը, նկատել տալով նաեւ, որ «համաճարակի ներկայ փորձառութեան մէջ բոլորս մեզ կը վերագտնենք որպէս եղբայրներ, միեւնոյն նաւուն վրայ, պատասխանատու մէկը միւսին նկատմամբ, որով մեր բարեկեցութիւնը կախեալ է բոլորին պատասխանատու վերաբերմունքէն»։

Առողջութիւնը հասարակական բարիք

«Համաճարակը մեզի սորվեցուց թէ առողջութիւնը հասարակական բարիք մըն է այնպէս, որ սեփական առողջութիւնը պաշտպանելով մենք կը պաշտպանենք նաեւ միւսին ու համայն ընկերութեան առողջութիւնը» հաստատեց Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ի պաս ժողովի կառավարիչը, յատուկէն անդրադառնալով մտային առողջութեան, որ համաճարակի այս ժամանակաշրջանին առաւել կերպով սրացած է։

Առողջութեան հաւասար հասանելիութիւն երաշխաւորել բոլորին

«Առողջապահութեան անհաւասարութիւնները անարդար են բայց կանխատեսելի են եւ կարելի է զանոնք յաղթահարել ռազմավարութեամբ մը, որ կը միտի առողջութեան հաւասար հասանելիութիւն երաշխաւորել բոլորին, յատկապէս աւելի դիւրաբեկ եւ խոցելի խաւին» կը նշէ հուսկ Կարդինալ Թուրքսըն, որ պատգամը կ՛աւարտէ մաղթելով, որ կարելի ըլլայ բոլոր հասարակութիւններուն ապահովել առողջապահական խնամք այս նպատակը համարելով անհրաժեշտ, «կառուցելու համար աւելի արդար եւ աւելի առողջ աշխարհ մը, աւելի լաւ աշխարհը մը, խաղաղութեան աշխարհը մը, որ կ՛երազենք ու տակաւին կարելի կը նկատենք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2021, 12:30