Զուիցերական պահակագունդը Զուիցերական պահակագունդը 

Յառաջիկայ 6 մայիսին Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդը կ՛ունենայ 34 նոր անդամներ։

6 մայիսի առաւօտեան 7,30-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախատեսուած է նաեւ Սուրբ Պատարագ՝ զոր կը գլխաւորէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի յիշատակ եւ ոգեկոչում՝  6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի թալանումի ընթացքին զուիցերացի 147 պահակներու զոհաբերումին, ի պաշտպանութիւն Կղէմէս Է Պապին, յառաջիկայ 6 մայիս 2021-ին յետմիջօրէին, առաքելական պալատի ''Սան Տամազօ'' ներքնափակին մէջ նախատեսուած է Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի 34 նոր անդամներու երդման արարողութիւնը, զոր պիտի նախագահէ  որպէս Քահանայապետի ներկայացուցիչ Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրա, ի ներկայութեան Զուիցերական կառավարական, եկեղեցական եւ դիւանագիտական  իշխանութիւններու, համաճարակի բերումով  փոքրաթիւ ներկայացուցիչներուն։  

Երդման արարողութեան առթիւ նախատեսուած ձեռնարկներ

Երդման արարողութենէն առաջ 6 մայիսի առաւօտեան 7,30-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ  նախատեսուած  է նաեւ Սուրբ Պատարագ՝  զոր կը  գլխաւորէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը

Երդման արարողութեան տօնախմբութիւնները սկիզբ կ՛առնեն 5 Մայիսի երեկոյեան յարգանքի տուրքի արարողութեամբ որուն կը կանխէ Ժամասացութեան արարողութիւնը Santa Maria della Pietà in Campo Santo Teutonico եկեղեցւոյ մէջ, զոր պիտի գլխաւորէ Լոզանի, Ժընևի եւ Ֆրիպուրկի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Ալէն Տէ Ռայեմի, որմէ ետք պահակագունդը ծաղկապսակ մը կը զետեղէ  ի յիշատակ եւ ի  յարգանս 1527-ին զոհուած  Զուիցերացի պահակագունդի 147 անդամներուն։

Հաւատարմութեամբ ու պատիւով ծառայել Քահանայապետին։ 

Պահակագունդի 34 նոր անդամները իրենց երդումը կատարելով կը հաստատեն թէ հաւատարմութեամբ, պատիւով եւ արդար կերպով պիտի ծառայեն իշխող Քահանայապետին ու անոր բոլոր իրաւայաջորդներուն, ամբողջ ուժով նուիրելով իրենք զիրենք, ի յարկին նոյնիսկ զոհելով իրենց կեանքը»։ Անոնք այս նոյն պարտականութիւնները կը ստանձնեն նաեւ Կարդինալական Դասին նկատմամբ թափուր աթոռի պարագային։

Աշխարհի ամէնահին բանակը

Յայտնենք թէ Վատիկանը` աշխարհի ամենափոքր պետութիւնն է սակայն ունի աշխարհի ամենահին բանակներէն մին` Զուիցերական պահակագունդը, որուն պարտականութիւնն է երաշխաւորել Սրբազան Քահանայապետին անմիջական պաշտպանութիւնը, հսկելով Վատիկանի բոլոր մուտքերուն վրայ։

21 յունիս 1505ին Յուլիանոս Բ Քահանայապետը Զուիցերիայի պետութենէն խնդրած է պահակագունդ մը իր անձնական պաշտպանութեան համար։ 22 յունուար 1506 Յուլիանոս Բ Քահանայապետը ս. Պետրոս հրապարակի վրայ կ'օրհնէ զուիցերական պահակագունդը։ Սոյն թուականը` 22 յունուարը, նկատուած է զուիցերական պահակագունդի հիմնարկութեան թուական։

Զուիցերական պահակագունդին մաս  կազմելու համար հարկաւոր է ըլլալ Զուիցերացի քաղաքացի, Կաթողիկէ, Զուիցերական բանակին մէջ ծառայութիւն մատուցել, 18 - 30 տարեկան, ունենալ առ նուազն 174 սմ հասակ, ամուրի, եւ ունենալ ուսման բարձրագոյն վարժարանի վկայական։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2021, 08:40