Վատիկանի թանգարանները Վատիկանի թանգարանները 

Մէկ տարուան մէջ Վատիկանի թանգարանները երրորդ անգամուան համար դարձեալ իր դռները կը բանայ։

Թանգարանները այցելելու համար կան յստակ եւ խիստ կանոններ, որոնք կարելի է ձեռքբերել թանգարանի կայքէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Համաճարակի առողջապահական խիստ հարցերու պատճառաւ փակ մնալէ ետք Վատիկանի թանգարանները դարձեալ իր դռները կը բանայ յառաջիկայ 3 մայիսին, յարգելով համաճարակի խնդիրներու լուծման կապուած օրէնքները։

Ունկնդրէ լուրը

Թանգարաններու դռներու բացումի մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Թանգարաններու տնօրէնութիւնը նշած .է թէ յառաջիկայ մայիս ամսուան առաջին երկուշաբթի օր կը բացուին Վատիկանի թանգարանի դռները, որ երրորդ բացումն է մէկ տարուան ընթացքի փակուած համաճարակի պատճառաւ։

Թանգարան այցելուներուն համար յստակ եւ խիստ կանոններ կան, որոնց կարելի է ձեռքբերել թանգարանի կայքէն։

Թանգարան մտնելու համար արձանագրուելէ ետք, կան երեք խիտս կանոններ, որոնց շարքին են յարգել թանգարան մտնելու ժամադրութիւնը, դիմակ կրելը, եւ մէկ մեթր հեռաւորութիւն պահելը։

Վատիկանի Թանգարաններու տնօրէնութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ կարելի է այցելել նաեւ Վատիկանի պարտէզները, յարգելով միշտ հաստատուած օրէնքները։

Վատիկանի թանգարաններու տնօրէնութիւնը կարող է մերժել թանգարաններ մտնելու մուտքը այն անձերուն, որոնք չեն յարգեր նշեալ կանոնները, վտանգելով ուրիշին առողջապահութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2021, 09:21