Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Սուրբերու դատի ժողովը երբեք դրամ չէ խնդրած նպաստելու համար պարոն Մորոյի սրբադասման դատին։

Սուբերու դատի ժողովի հաղորդագրութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբերու դատի ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց անցեալ 12 ապրիլին Իտալական Ռայ երեք հեռուստակայանի յատուկ ծրագիրի մը ընթացքին հաղորդուած լուրը ըստ որուն դրամական օգնութիւն տրամադրուած է պարոն Ալտօ Մորոյի երանացման դատը դիւրացնելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ որ Սուրբերու դատի ժողովէն ներս գոյութիւն չ՝ունի ոչ մէկ սրբադասման դատ տիար Ալտօ Մորոյի ուղղութեամբ ու Տիար Նիքոլա Ճիամբաուլոն մաս չկազմեր սուրբերու դատի ժողովի հայցորդներու ցանկին։

Սուրբերու դատի ժողովին Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ 2018ին ապրիլ ամսուան ընթացքին սուրբերու դատի ժողովը տեղեկացուած է, որ Պարոն Մորոյին սրբադասման դատի խթանողները ինքնուրոյն մեժած են Տիար Նիքոլային յանձնել հայցորդի պաշտօնը՝ թեմական հանգրուանի համար, նախատեսելով նշանակել այլ հայցորդ մը։

Ուստի նիւթական օգնութիւն չէ տրամադրուած Տիար Ճամբուլոյին՝յունիս ամսոյն, որովհետեւ ան այդ  պաշտօնին մաս չէր կազմեր։

Սուրբերու դատի ժողովի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ սուրբերու դատի ժողովի հայցորդներու ցանկին մէջ գոյութիւն չունի Ճանփաուլոյին անունը, ինչպէս ան գրած է իր կենսագրականի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2021, 11:03