Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Պատարագ Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Պատարագ 

«Սուրբ Հաղորդութիւնը կոչ է զօրակցութեան». Կարդինալ Ռէ

Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Պատարագ. Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդի հաստատումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի համաճարակի տարածման կանխարգիլումի ուղղութեամբ որդեգրուած սահմանափակումներու ու Քահանայապետը տառապեցնող  Զստոսկրի ջղացաւի» պատճառաւ Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Պատարագը, որ կը յիշատակէ Յիսուսին կատարած վերջին ընթրիքը եւ այդ ընթրիքի ընթացքին Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին հաստատումը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ կայացած պատարագը գլխաւորեց  Կարդինալական Դասին Աւագերէցը Կարդինալ  Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ։

Յիշենք թէ այս պատարագիչն առթիւ նախատեսուած ոտնլուայի արարողութիւն եւս չի կայացաւ վերեւ նշուած սահմանափակումներու պատճառաւ։

Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդի հաստատումը

Կարդինալ Ռէն արարողութեան առթիւ արտասանած  իր յաւուր պատշաճի քարոզը կեդրոնացուց օրուան խորհուրդին վրայ ու յատկապէս Յիսուսին սիրոյն վրայ որ «սիրեց իրենինները մինչեւ վերջ» մինչեւ խաչին վրայ մահ, նկատել տուաւ Ծիրանաւորը հաստատելով որ Աւագ Հինգշաբթի գիշերը Ան ընծայեց իր այդ սիրոյն վկայութիւնը հաստատելով Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը ու Քահանայութիւնը եւ իր աշակերտներուն յանձնելով իր այդ սիրոյն պատուիրանը։

Սուրբ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին կեդրոնն ու սիրտը

«Սուրբ Հաղորդութիւնը վկայութիւնն է Քրիստոսին մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյն անոր մեր մօտ մշտապէս ըլլալու կամքին։ Սուրբ Հաղորդութիւնը ամենէ թանկարժէք պարգեւն է։ Անոր միջոցաւ Քրիստոս մեզի համար լոյս է, ուժ է, սնունդ է եւ աջակցութիւն։ Ան քրիստոնէական կեանքին ակնաղբիւրն ու գագաթնակէտն է»  ինչպէս կը հաստատէ Վատիկանի Բ Տիեզերական ժողովը դիտել տուաւ Կարդինալ Ռէ աւելցնելով, որ «Սուրբ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին կեդրոնն ու սիրտն է ու պէտք է ըլլայ նաեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին սիրտն ու կեդրոնը»։   

Սուրբ Հաղորդութիւնը կոչ զօրակցութեան

Կարդինալական դասին աւագերէցը նշեց ապա, թէ «Սուրբ Հաղորդութիւնը կոչ է բացուելու ուրիշներուն, եղբայրական սիրոյ, ներումին։  Անիկայ հրաւէր է զօրակցութեան, մէկը միւսին թիկունք կանգնելու ու ոչ մէկը առանձին թողելու։ Անիկայ նաեւ քաջալերանք է յանձնառու ըլլալու աղքատներուն, տառապողներուն ու հարստահարուածներուն ի նպաստ, ու նաեւ՝ լոյս է, որ մեզի թոյլ կու տայ ճանչնալ Քրիստոսին դէմքը մեր եղբայրներուն դէմքին մէջ»։

Կարդինալ Ռէ ապա հրաւէր ուղղեց աղերսելու առ Աստուած Անորմէ հայցելով, որ օգնէ մեզի ու վերջ դնէ համաճարակին, մինչ քարոզի աւարտին Ան յատուկէն յիշեց Յիսուսին նկատմամբ իր ամենամօտ անձանց դաւաճանութիւնը հաստատելով որ Աւագ Հինգշաբթի օրը առիթ է իրազեկ դառնալու թէ մեղաւորներ ենք ու մենք մեզ դնելու ապաշխարութեան ուղիին վրայ, զղջալու ու վերանորոգուելու, որպէսզի Աստուծմէ ընդունինք ներումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2021, 07:08