Բջիջներու բազմացումը Բջիջներու բազմացումը 

Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցը գտաւ քաղցկեղային բջիջներու բազմացումի պատճառները։

Թոր Վերկաթա համալսարանի եւ Յիսուս Մանուկ հիւանդանոցի բժիշկ տոքթ Փրոֆ Ֆրանչեսքօ Չեքքոնի , հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ հետազօտողներու խումբի աշխատանքը հիմնական ու կարեւոր գիտական գործողութիւն է ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Յիսուսն Մանուկ» հիւանդանոցի մասնագէտները համագործակցութեամբ Հռոմի Թոր Վերկաթա համալսարանի հետազօտական խումբը մը բացայայտեցին քաղցկեղի բջիջները արագօրէն բազմանալուն պատճառները։

Ունկնդրէ լուրը

Մասնագէտներու տուեալներու համաձայն այսօր դեղեր գոյութիւն չ՝ունին այդ գործողութիւնները դադրեցնելու համար , սակայն կարելի է միջամտել քաղցկեղի բջիջներու վերականգման համակարգին ,անոնք տանելով դէպի ինքնաոչնչացում։

Թոր Վերկաթա համալսարանի, եւ Յիսուսն մանուկ հիւանդանոցի բժիշկ տոքթ Փրոֆ Ֆրանչեսքօ Չեքքոնի , հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ հետազօտողներու խումբի աշխատանքը հիմնական է, անոնց մաս կը կազմեն Իտալիոյ եւ Միացեալ նահանգներու մէջ գիտական կեդրոններու աւելի քան 40 հեղինակներ, տարբեր հմտութիւններով, տարբեր մատչելի գործիքներու օրինակներով, ու առանց այդ խմբային աշխատանքներուն որոշակի արդիւնքներ կարելի չէ ձեռքբերել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2021, 09:09