Վատիկանի պատուաստումներու սենեակը Վատիկանի պատուաստումներու սենեակը 

Առաքելական ողորմնաբշխութեան հաղորդագրութիւնը։ Աղքատներ ու խոցելիներ պիտի պատուաստուին քովիտի դէմ ։

Աւագ շաբթուան ընթացքին մօտաւորապէս 1200 աղքատ, խոցելի անձեր պիտի պատուաստուիւն Քովիտի դէմ, կազմկերպութեամբ Քովիտ 19 դէմ Վատիկանեան յանձնախումբին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին հրաւէրին ընդառաջելով, որպէսզի ոչ մէկ անձ բացառուի քովիտ 19ի դէմ պատուաստանիւթէն, Վատիկանի առաքելական ողորմնբախութեան բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ, դարձեալ պատուաստանիւթ պիտի տրուի աղքատ, տկար անձերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուսի Յարութեան տօնին սեմին, աւագ շաբաթուան ընթացքին Փֆիզեր, Պինթէք, պատուաստանիւթ պիտի տրուի Վատիկանեան Քովիտ 19 յանձնախումբի կազմակերպութեամբ։ Մօտաւորապէս, աղքատ, առողջապահական հարցեր ունեցող 1200 անձ պիտի պատուաստուին քովիտի դէմ յառաջիկայ օրերուն։ Այս մասին նշուած է առաքելական ողորմաբաշխութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ ուր աւելցուած է նաեւ, որ խոցելի եղբայրներուն նկատմամբ եղբայրսիրութեան հրաշքը կիսել շարունակելու համար, կարելի է առցանց նուիրատուութիւն կատարել “vaccino sospeso” կայքին միջոցաւ։

Յայտնենք, որ 2020 թուականին Յիսուսի Ծննդեան տօնին առթիւ յղած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց խնդրելով բոլոր պետութիւններու ղեկաւարներէն, մեծ ընկերութիւններու պատասխանատուներէն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն լուծումներ գտնել պատուաստանիւթ գտնելու գծով, յատուկէն խոցելիներու եւ կարքիաւորներու համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2021, 12:03