Գերապայծառ Ուրպանչիք Գերապայծառ Ուրպանչիք 

Գերապայծառ Ուրպանչիք . «համաճարակը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ են պատուաստանիւթեր, եղբայրութիւն եւ յոյս։»

Պատուաստանիւթերը կը պաշտպանեն ժահրին դէմ, սակայն անոնք չեն պաշտպաներ ընկերային ցաւերը, ինչպէս անհաւասարութիւնն ու անտարբերութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յաղթահարելու համար Քովիտ 19 համաճարակը, նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է տիեզերական պատուաստանիւթի հասանելիութեան, անհրաժեշտ են նաեւ եղբայրութիւնն ու յոյս՝ կառուցելու համար աւելի լաւ աշխարհ մը, աւելի արդար եւ ներառական։ Այսպէս արտայայտուած է Գերապայածառ Եանուս Ուրպանչիք, ԵԱՀԿ Ի մօտ սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, 15 մարտին, գումարուած «Քովիտէն ետք վերականգնում, անոր մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները» նիւթով համագումարին։ 

Ունկնդրէ լուրը

Համաշխարհային զօրակցութեան եւ արարչագործութեան պահպանման հրամայականը

Համաշխարհային ճգնաժամը պատճառ կը դառնայ բազմակողմանի տագնապի, որ կը դպչի առողջապահական կառյոցներուն, տնտեսական եւ ընկերային կառոյցներու՝ հաւասար եւ կապուած ձեւով, հարուածելով ծանրապէս մեր տեղական, ազգային եւ միջազգային մակարդակի վրայ համակեցութեան ձեւերը։ 

Այս առանց սահմանի ժահրը, ծանրացուց արդեն գոյացուած տագնապները, սննդառութեան, տնտեսական եւ գաղթականութեան մարզերէն ներս, ան դարձաւ մաեւ ծաղկուն հող մը՝ անվստահութեան եւ կղզիացումի միջավայրին, որուն պատճառաւ բեկանուեցաւ ընկերային մարզերը ու պետութիւններու յարաբերութիւնը։

Այս դժուար ժամանակներուն, ըսաւ գերապայծառ Ուրպանչիք, այլընտրանքը մէկ է, ճանչնալ մեր հասարակաց խոցելիութիւնը եւ փնտռել բաժնեկցուած լուծումներ, փոխակերպելու եւ մտածելու համար ապրելակերպ մը ու տնտեսական ու ընկերային համակարգ մը, որոնք կ՝ընդլայնեն հարուստներու եւ աղքատներուն միջեւ տարբերութիւն , հարստութիւններուն անարդար բաշխումով։

Անհրաժեշտ է շեշտեց մնայուն դէտը կայուն եւ բարոյական հարթակ մը հիմնուած համաշխարհային զօրակցութեան եւ արարչագործութեան պահպանման վրայ։ 

Ան հրաւիրեց  երաշխաւորել տիեզերական բուժումը, յատուկէն պատուաստանիւթի հաւասար տարածումը։

Գերապայծառը դիտել տուաւ, որ այս ամէնը բաւարար չեն, որովհետեւ պատուաստանիւթերը կը պաշտպանեն ժահրին դէմ, սակայն անոնք չեն պաշտպաներ ընկերային ցաւերը, ինչպէս անհաւասարութիւնն ու անտարբերութիւնը։ 

Տնտեսականութիւնը մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան տակ

Համաճարակէն դուրս գալու համար, անհրաժեշտ է կազմակերպել եւ ծրագրել անհատներու միջեւ յարաբերութիւն եւ տնտեսականութիւն՝ դէպի ներառական եւ մարդկային տիպար, որ կը քաջալերէ զօրակցութիւն, տնտեսական զարգացում՝ տեղական մակարդակի վրայ, որ կը զարգացնէ կրթութիւնը եւ կառոյցները ի նպաստ հասարակութիւններուն։

Գերապայծառ Ուրպանչիք դիտել տուաւ, որ երբ տնտեսականութիւնը մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան տակ է, ան կը դառնայ արդիւնաբեր երկխօսութիւն, նպատակաուղղուած անվտանգութեան ամրացման եւ պետութիւններու միջեւ գործակցութեան։ 

Ան ելոյթը աւարտեց մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, Վատիկանի մէջ դեսպաններու ուղղած ճառէն հատուած մը «եղբայրութիւնն ու յոյսը կը նմանին դեղերու, որոնց աշխարհը կարիքը ունին ինչպէս  պատուաստանիւթերը։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2021, 09:14