Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  Խմբագրական

Ֆրանչիսկոս Պապ ու իսլամութիւնը, վարդապետութեան մը երեք անկիւնաքարերը։

Տիար Անտրէա Թորնիելլի խմբագրականը , ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք Կատարած առաքելական այցելութեան աւարտին։

ԱՆՏՐԷԱ ԹՈՐՆԻԵԼԼԻ

Գոյութիւն ունի կարմիր գիծ մը, որ կը կապէ ֆրանչիսկոս Պապին երք կարեւոր զրոյցները՝ հայող միջ կրօնական երկխօսութեան, յատուկէն Մահմետականութեան հետ. մեր ընկերութեան մէջ կրօնքի դերակատարութիւնը, իսկական կրօնականութեան չափանիշը, եւ շօշափելի ուղին՝ ընթանալու համար իբրեւ եղբայրներ եւ կառուցելու խաղաղութիւնը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին երեք ճառերէն հատուածներ արտասանած Ազրպէյճանի, Եգիպտոսի եւ Իրաքի մէջ

Այս կէտերը կը գտնենք Հռոմի Եպիսկոպոսին ճառերու մէջ արտասանած 2016ին Ազրպէյճանի մէջ, 2017 ին եգիպտոսի մէջ, եւ այժմ Իրաքի պատմական ճամբորդութեան ընթացքին, Աբրահամի քաղաք Ուրի մէջ։ 

Առաջին զրոյցի զրուցակիցներն էին Ազերիները , նաեւ  երկրի կրօնական այլ հասարակութիւնները, երկրորդ զրոյցի զրուցակիցները Եգիպտացի Սունիներն եւ վերջապէս երրորդին զրուցակիցները էին միջ կրօնական հասարակութիւն մը մահմետականներու մեծամասնութեամբ, ներառեալ քրիստոնեաներ եւ այլ կրօնային ներկայացուցիչներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  իր զրոյցներու մէջ կը հրաւիրէ հաւատարիմ գտնուելու սեփական կրօնային ինքնութեան, մերժելով  կրօնական շահագործումը՝ ատելութիւն, բաժանում, ահաբեկչութիւն պատճառելով ,  միեւնոյն ժամանակ ընկերութեան մէջ վկայելու, թէ Աստուծոյ կարիքը ունինք։

Պաքույի մէջ Կովկասի մահմետականներու շէյխին եւ երկրի այլ կրօնական ներկայացուցիչներու դիմաց, ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուց կրօններու մեծ պարտականութիւն, որ է ընկերանալ մարդոց՝ կեանքի իմաստի որոնումի մէջ օգնելով զանոնք ըմբռնելու, թէ մարդ էակի սահմանափակ կարողութիւնը եւ այս աշխարհի բարիքները, երբեք պէտք չեն բացարձակ դառնալ։ 

Գահիրէի մէջ, Ալ Ազհար Ալ Թայէպ աւագ իմամի կողմէ ձեռնարկուած միջազգային համագումարին ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ որ Սինայի լեռը մեզ նախ եւ առաջ կը յիշեցնէ որ իսկական ուխտը  երկրի վրայ, չէ կարելի  տարանջատել երկինքէն,  կը յիշեցնէ որ մարդկութիւնը չի կրնար առաջարկել՝  խաղաղութեան մէջ հանդիպիլ՝ Հորիզոնէն Աստուած բացառելու միջոցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապի իրաք կատարած այցելութիւնը

Շաբաթ, 6 մարտին, Ուրի մէջ, ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուց թէ, եթէ մարդը Աստուած դուրս կը դնէ, վերջ կը դնէ երկրային բաները պաշտելու։ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց աչքերը երկինք բարձրացնել եւ  իբրեւ ճշմարիտ կրօնականութիւն սահմանել Ան որ Աստուած կը պաշտէ եւ մերձաւորը կը սիրէ։

Գահիրէի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ բացատրեց որ կրօնային պատասխանատուները կանչուած են քօղարկելու բռնութիւնը, որ ծածկուած է խորթ սրբութեամբ, պայքարիլ եսասիրութեան դէմ, դատապարտել  բռնութիւնները մարդկային արժանապատւութեան դէմ եւ մարդկային իրաւունքներու դէմ,  լուսարձակի տակ առնելով կրօնքի անունով՝ ատելութեան որեւէ ձեւի արդարացումի փորձութիւնները , դատապարտելով իբբեւ Աստուածապաշտութեան  կեղծիք մը։

Պաքույի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ  կրօններու պարտականութիւնն է օգնել բարին զատորոշելու  եւ զայն ի գործ դնել աշխատանքներով, աղօթքով, եւ ներքին աշխատանքի յոգնութեամբ, որոնք կանչուած են կերտելու հանդիպումի, խաղաղութեան մշակոյթ՝ համբերութեամբ, հասակացողութեամբ, եւ շօշափելի ու հեզ քայլերով։ 

Պայքարի եւ հակամարտութիւններու մէջ  կրօնները ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ Ազրպէյճանի մէջ,  խաղաղութեան արշալոյսներն են , մահուան աւերածութիւններու միջեւ վերածնունդի սերմեր են, երկխօսութեան արձագանգը որ կը հնչէ անխոնջօրէն, հանդիպումի եւ համերաշխութեան ուղիներ են  հասնելու համար հոն, ուր պաշտօնական միջոցառումներուն փորձութիւնները ոչ մէկ արդիւնք կու բերեն։

Երեք պապական զրոյցներու մէջ ցոյց կը տրուի կրօնքի այսօրուան  դերակատարութիւնը աշխարհի մէջ, ուր կը գերիշխէ սպառողականութիւնը եւ սրբութեան մերժումը ։ Կարիք կայ ըսաւ ֆրանչիսոս Պապ հարազատ, իսկական  կրօնականութեան մը, որ երբեք չբաժներ Աստուածային պաշտամունքը եղբայրներու եւ քոյրերու սէրէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ցոյց կու տայ ձեւ մը որպէսզի կրօնները նպաստեն մեր ընկերութեան բարիքին, յիշեցնելով անհրաժեշտութեան յանձնառութիւնը՝ խաղաղութեան գործին, վերջիններուն , շօշափելի կարիքներուն ու հարցերու պատասխանելու։

Ֆրանչիսկոս Պապին առաջարկն է կողք կողքի քալել, «fratelli tutti» դառնալու համար,  շօշափելի խաղաղութեան, արդարութեան արուեստագէտներ դառնալու։

Այս ուղեւորութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապ  օրինակ կը թուէ յիշեցնելով իսլամ եղբայրներուն օգնութիւնը  քրիստոնեայ եղբայրներուն ,Պաղատի մէջ եկեղեցիները պաշտպանելու ընթացքին։ 

Ուրիշ օրինակ մը տրուած է, Ուրի մէջ Ռաֆահ Հուսէյն Պահերի վկայութիւնը Իրաքցի կնոջ մը  որ իր վկայութեան մէջ ուեզեց յիշել Նաժայի զոհողութիւնը, Պասորա  քաղաքէն մարդ մը որ իր կեանքը կորսնցուց փրկելու համար իր դրացի մահմետականի կեանքը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2021, 13:00