Ջուրի միջազգային օր Ջուրի միջազգային օր 

«Wash» ծրագիրը` առողջապահութեան կառոյցներէն ներս ջուրին կարեւորութիւնը։

Մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս ծառայութեան Վատիկանեան գերատեսչութիւնը անգամ մը եւս կը կարեւորէ ջուրին երաշխաւորումը բոլորին, ջուրի միջազգային օրուան առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Առանց ջուրի եւ մաքրութեան պատշաճ ընթացակարգերու միլիառաւոր մարդիկ վտանգի մէջ են եւ այս համաճարակի ժամանակաշրջանին մաքրութեան ընթացակարգերու կարեւորութիւնը միշտ աւելիով անհրաժեշտ է». Այս մէկը կը յիշեցնէ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս ծառայութեան Վատիկանեան գերատեսչութիւնը, ջուրի միջազգային օրուան առթիւ, որուն առընչութեամբ 2020-ին սկիզբ տուած էր «Wash» ծրագիրին, "Aqua fons vitae” փաստաթուղթին հրատարակումին հետ միասին։

«Wash» ծրագիրը

Բոլոր եպիսկոպոսներուն ուղղած նամակով մը Մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս գերատեսչութիւնը խրախուսած էր զանոնք սատարելու եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առողջապահական կառոյցներէն ներս երաշխաւորելու մաքրութեան պատշաճ պայմանները, ապահով կերպով խնամելու համար Հիւանդները եւ կանխարգիլելու Քովիտ19 ժահրի եւ այլ հիւանդութիւններու տարածումը։

Ծրագրին եւ նամակին համապատասխանեցին 22 երկիրներէ բազմաթիւ թեմեր եւ Քարիթասի հաստատութիւններ, բայց վերջնական զեկոյցը տակաւին չէ ամբողջացած։

Ըմպելի ջուրի կարեւորութիւնը

Աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ ըմպելի ջուրին անհասանելիութիւնը մեծապէս կ՛ազդէ այդ շրջաններու բնակչութեան կեանքին եւ առողջութեան վրայ, մասնաւորապէս այս ժամանակներուն երբ աշխարհը պայքար կը մղէ Քովիտ19 ժահրի դէմ։ Այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ կը համարուին ներդրումներ, բոլորին երաշխաւորելու համար ըմպելի ջուրը ու յատկապէս զայն հասանելի դարձնելու ամէնակարիքաւորներուն։

Յայտնենք թէ Ջուրի միջազգային օրուան առթիւ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս ծառայութեան Վատիկանեան գերատեսչութիւնը կազմակերպած է ուղիղ եթերով շարք մը հանդիպումներ «Ջուրը եւ համապարփակ բնապահպանութիւնը» նիւթով, որոնցմէ առաջինը կայացաւ այսօր` 22 մարտի առաւօտեան, ներշնչում քաղելով 2020-ին հրապարակուած «Aqua fons vitae» փաստաթուղթէն եւ որպէս հիմք ունենալով Ֆրանչիսկոս Պապին վարդապետութիւնը։ Յաջորդ հանդիպումները նախատեսուած են 23, 24, 25 եւ 26 մարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2021, 10:30