«Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն» տարին «Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն» տարին 

Ներկայացուեցաւ ընտանիքին նուիրուած «Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն» տարին։

«Այս տարին ուրեմն առիթ է ընտանիքներուն մօտ ըլլալու ու անոնց հետ միասին քալելու» հաստատեց Ծիրանաւոր Ֆարրել մատնանշելով, որ «Ընտանիքները լի են ուժականութեամբ եւ պարգեւներով ըլլայ համայն ընկերութեան համար ըլլայ Եկեղեցւոյ համար, որուն հետեւանքով պէտք է որ ընտանիքները նկատի առնուին եւ գործնականապէս ներգրաւուին որպէս դերակատարներ հովուական ծառայութեան ծիրէն ներս»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 18 Մարտ 2021-ի առաւօտեան Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի կեդրոնէն տեղի ունեցաւ ուղիղ եթերով մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն տարին» զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հռչակած էր անցեալ դեկտեմբերին եւ սկիզբ պիտի առնէ վաղը` 19 Մարտին Սուրբ Յովսէփի տօնին ու «Amoris Laetitia» առաքելական յորդորագիրին հրապարակման հինգերորդ տարեդարձին առթիւ, ու պիտի երկարի մինչեւ 2022 թուականի Յունիսի վեցն` Ընտանիքներու Համաշխարհային 10-րդ հաւաքին օրը։

Ընտանիքին նուիրուած վերոնշեալ տարւոյն ներկայացումը կատարեցին Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Քեվին Ֆարրել, Ժողովի ենթաքարտուղար` փրոֆ Կապրիելլա Կամպինօ եւ Իտալիոյ Նեփի քաղաքէն ամուսնացեալ զոյգ մը։

Իւրաքանչիւր ընտանիք պէտք է ինքզինք սիրուած եւ ընտրուած զգայ Աստուծմէ

Իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Ֆարրել նախախնամական համարեց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2021ը Սուրբ Յովսէփի տարի հռչակեումը։ «Ան` ամուսին եւ հայր, որ այնքան սիրուեցաւ, որ Աստուծմէ ընտրուեցաւ հոգ տանելու համար Սուրբ Ընտանիքին» ըսաւ կարդինալ Ֆարրել նկատել տալով, որ Անոր նման «իւրաքանչիւր ընտանիք պէտք է ինքզինք սիրուած եւ ընտրուած զգայ Աստուծմէ»։

Կարդինալ Ֆարրել մատնանշեց նաեւ համաճարակին պատճառած ցաւերուն ու անոր թիրախ դարձած բազմաթիւ անհատներուն, «որոնց շարքին նաեւ ընտանիքը» ըսաւ Ան, ընտանիքը որակելով «պահապան» մեր իսկական եւ հիմնական յարաբերութիւններուն, «անոնք որոնք ծնունդ կ՛առնեն սէրէն ու մեզ կը հասունցնեն որպէս անհատներ»։

Աւելի լաւ կերպով ներկայացնել «Amoris Laetitia» յորդորագիրը

«Ընտանիքը սիրոյ ուրախութիւն տարին թանկարժէք առիթ մըն է հասունցնելու համար Ընտանիքին նուիրուած սիւնհոդոսին ուղեւորութեան արդիւնքները» նշեց ապա Կարդինալ Ֆարրել մատնանշելով, թէ այս տարին առիթ կը հանդիսանայ աւելի լաւ կերպով ներկայացնելու «Amoris Laetitia» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը, որ կը պարունակէ քաջութեան, խրախուսանքի, եւ խորհրդածութեան խօսքեր, զոր պէտք չէ անտեսել նաեւ հովուական խնամակալութեան գետնի վրայ, տրուած ըլլալով, որ ընտանիքները եւս կարիքը ունին հովուական խնամակալութեան։

Մօտիկ ըլլալ ընտանիքներուն։

«Այս տարին ուրեմն առիթ է ընտանիքներուն մօտ ըլլալու ու անոնց հետ միասին քալելու», հաստատեց Ծիրանաւոր Ֆարրել մատնանշելով, որ «Ընտանիքները լի են ուժականութեամբ եւ պարգեւներով, ըլլայ համայն ընկերութեան համար ըլլայ Եկեղեցւոյ համար, որուն հետեւանքով պէտք է` որ ընտանիքները նկատի առնուին եւ գործնականապէս ներգրաւուին որպէս դերակատարներ հովուական ծառայութեան ծիրէն ներս»։

հովուական խնամակալութեան գետնի վրայ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովը առաջարկած է 12 հնարաւոր ուղիներ, որպէսզի իւրաքանչիւր եկեղեցական իրականութիւն քաջալերուած ըլլայ ի գործ դնելու ձեռնարկներ ի նպաստ ընտանիքին նուիրուած հովուական խնամակալութեան։

Ամուսնութեան կոչումին ճգնաժամը

«Այսօր կ՛ապրինք կոչումներու տագնապ մը, ոչ միայն կրօնւարական կաենքէն ներս, այլ նաեւ ամուսնական կեանքին մէջ որովհետեւ ամուսնութիւն ընտրելը աշխատանք ընտրել` չէ այլ կոչում է», ըսաւ իր ելոյթին մէջ փրոֆ Կապրիելլա Կամպինոն հաստատելով` թէ «այս տարի աւելի քան երբեք կանչուած ենք գործի լուծուելու աշխուժացնելու համար «ընտանիք» հաստատութիւնը, ոչ միայն եկեղեցւոյ մէջ այլ նաեւ ընկերութեան մէջ»։

«Երկար ճանապարհ մըն է, որ գուցէ վերջ չի գտնէ 2022-ի Ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին հետ» ըսաւ միշտ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովի ենթաքարտուղար` փրոֆ Կապրիելլա Կամպինոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2021, 12:09