Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքան Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքան 

Հայր Կէրրերօ. Սուրբ Աթոռը նուազեցուց ծախսերը, ոչ թէ իր առաքելութիւնը»։

Տնտեսութեան քարտուղարութեան գերատեսչութեան կառավարիչին հետ հարցազրոյց 2021 պիւտճէի վերաբերեալ. «պիւտճէտային ծախսերը արդի պատմութեան մէջ արձանագրուած ամենացած ծախսերն են, բայց մենք չենք կրճատած ծառայութիւնները ոչ ալ կը վերակազմաւորենք աշխատակազմը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«2021 թուականի պիւտճէտային ծախսերը Սուրբ Աթոռի արդի պատմութեան մէջ, ամենացած ծախսերն են, բայց խնայողութիւններն եղած են առանց նուազեցնելու Հռոմի Պապի առաքելութեան ծառայութիւնը և պաշտպանելով աշխատողներն ու աշխատավարձերը։ Կարիքը ունինք հաւատացեալներու աջակցութեան»։ Խօսքերն են ասոնք Սուրբ Աթոռի Տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչ՝ Հայր Խուան Անթոնիօ Կէրրերօ Ալվեսին, զոր փոխանցեց Վատիկան Նիուզին բացատրելով թէ «Համաճարակին յառաջացուցած ճգնաժամը պատճառը եղաւ սահմանափակ պիւտճէի մը, որուն ակնկալուող եկամուտները շատ աւելի նուազ են, քան 2019-ի եկամուտները, 30% -ով պակաս»:

Հայր Կէրրերոյի համաձայն, այս շատ  դժուար ժամանակներու ընթացքին «պիւտճէի մօտ 50% -ը կազմուած է անձնակազմի ծախսերէն»: Այդ ծախսը 2020-ին աւելցած էր 2 առ հարիւրով բաղդատաբար 2019-ին։ «Աշխատատեղերու և աշխատավարձերու պաշտպանութիւնը մեզի համար մինչ այժմ  եղան առաջնահերթութիւն» յայտնեց Հայր Կէրրերօ:

Տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչը նշեց, որ 2020 թ. ձեռնարկուած միջոցառումները  ընգրկեցին  խորհրդատուական ծախսերու կտրուկ կրճատումը (1.5 մլն.), 2020 թ. նախատեսուած բոլոր ձեռնարկներու  չեղարկումը, ներառեալ ՝ Եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները, լիագումար ժողովները, համաժողովները, համագումարները և նմանատիպ ձեռնարկներ (1.3 մլն.), բոլոր ճանապարհորդութիւններու արմատական ​​սահմանափակում (3 միլիոն), կահոյքի ծրագրուած գնումներու կասեցում (0,9 միլիոն), շէնքերու նորոգման համար ոչ հրատապ կամ յետաձգելի աշխատանքներու սառեցում (4.8 միլիոն):

«Ես միշտ կը պնդեմ, - շեշտեց Հայ Կէրրերօ, որ մենք շահոյթ փնտռող ընկերութիւն մը չենք։ Մենք նոյնիսկ պետութիւն չենք, նման այլ Պետութիւններու, եւ ոչ ալ  հասարակական կազմակերպութիւն մըն ենք»:

Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ ֆինանսական պահուստներ չունեցող եկեղեցին կը շարունակէ ամենայնդէպս   իրականացնել աւետարանելու իր առաքելութիւնը այն ստեղծագործութեամբ, զոր Սուրբ Հոգին ներշնչեց երբ տեղի ունեցան այդպիսի  պատմական առիթներ: Այնուամենայնիւ, յուսանք, որ այս մէկը չի պատահի։ Մենք պէտք է խուսափինք դիտմամբ կամ վատ կառավարման պատճառով  դրամագլուխ կորսնցնելէ»,  յայտնեց Հայր Կէրրերօ:

Ինչ կը վերաբերի Սուրբ Պետրոսի Գանձանակին, Տնտեսութեան Կառավարիչը կը նշէ, որ «ան կը ծառայէ Սրբազան Պապին առաքելութեան ծախսերուն,՝ բարեգործութեան մէջ միասնութիւնը, որ Ան կ՛իրականացնէ  տարբեր գերատեսչութիւններու միջոցով:

Նորութիւնն այն է, որ մենք ունեցած ենք տարիներ, երբ ընկալուած  նուիրատուութիւնը, ներառեալ Գանձանակը, չեն կարողացած ծածկել այդ տարուայ առաքելութեան ծախսերը, որուն պատճառաւ  օգտագործուեցան նախորդ տարիներուն կուտակուած Գանձանակին պահուստները։

2020 թուականին եկամուտներու նուազման պատճառով կարող ենք գնահատել (Պիւտճէն դեռ փակուած չէ) աւելի քան 40 միլիոն պահուստներու կրճատումը: Այժմ մենք կարող ենք ակնկալել, որ նոյնը կրկնուի նաեւ 2021 թուականին»:

Հայր Կէրրերօ այս շատ դժուար տարուան առթիւ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ  հաւատացեալներու առատաձեռնութեան համար,. «Համաճարակային այս ժամանակաշրջանի դժուարութիւններուն հանդերձ անոնք կը շարունակեն համագործակցին, որովհետեւ  կը հաւատան  Եկեղեցւոյ առաքելութեանը և կը փափաքին աջակցել Սրբազան Պապին» ըսաւ զրոյցի ընթացքին Հայր Կէրրէրօ:

Քովիտի հետևանքով ի յայտ եկած նոր հեռանկարները չեն անհանգստացնէր Յիսուսեան կղերականը, որ  դիտել կու տայ թէ ինչպէս անցեալ տարի, տեսադիտողական բազմաթիւ հանդիպումներու պատճառով, առաւել եւս ու մեծ խնայողութիւններ տեղի ունեցան:

 «Նոր իրավիճակը զարգացրեց ստեղծագործութիւնը և մեզի շատ բաներ սորվեցուց: Միւս կողմէն, արդիւնաւէտութեան մէջ յառաջանալով,  կրնանք աւելին ընել քիչով, ու կը խնայենք ըսաւ Ան, շեշտելով որ պէտք է նաեւ բարելաւել թափանցիկութիւնը, որպէսզի հաւատացեալները իմանան, թէ ինչ կը կատարուի իրենց նուիրատուութիւններու միջոցաւ:

Եթէ ​​այս իրավիճակը երկար տեւէ, մենք չենք կրնար զսպել հաշիւներուն բացերը, եթէ ոչ հաւատացեալներու աջակցութեամբ» - ընդգծեց Սուրբ  Աթոռի Տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչը:

Խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապին ի գործ դրած բարեփոխումներու մասին, որով Պետական ​​քարտուղարութեան բոլոր դրամագլուխները փոխանցուեցան  APSA- ին, Հայր Կէրրերօ յայտարարեց, որ այդ մէկը արդեն կատարուած է,  որովհետեւ դրամագլուխներուն  մեծ մասն արդեն փոխանցուած է ու կը մնայ միայն փոքր մաս մը, որ որոշակի իրաւական բարդութիւններ ունի, բայց ան ալ շուտով կփոխանցուի:

Ի վերջոյ  թափանցիկութիւն: «Անիկա օգտակար է ներքին կենսամիջոցներու կառավարման համար: Նուազեցնելու համար կառավարման ծախսերը և բարձրացնելու առաքելութեան ծախսերը» ըսաւ Հայր Կէրրերօ աւելցնելով որ «Միւս կողմէն, հաւատացեալներն արժանի են թափանցիկութեան, անոնք պէտք է իմանան, թէ Եկեղեցին ինչպէս կը ծախսէ  ստացած գումարները: Մեզի համար այս մէկը հաւաստիութեան հարց է:

Մենք առաջիններ - որ պէտք է ցոյց տանք Եկեղեցւոյ ընկերային բարոյականութիւնը եւ բարոյական չափանիշերը  որոնք մենք բարձր կը գնահատենք, կը գործեն եւ արժէք ունին։

Յաճախ կ՛ըսուի որ Եկեղեցին իր կենսամիջոցները կառավարելու մէջ պէտք է յարմարուի միջազգային չափանիշներուն ... Այս մէկը բաւարար չէ, մենք պէտք է ձգտենք միջազգային ուղղորդիչ տիպար դառնալ» կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի Տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2021, 13:30