Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիի նամակը Սուրբ Երկրի ի սպաս կազմակերպուած դրամահաւաքի առիթով։

Տխուր տարի եղաւ Երուսաղեմի սուրբ երկրի համար, քրիստոնեայ հասարակութեան համար, որ կ՝ապրի միջին արեւելքի մէջ եւ որ կ՝ուզէ լոյս ըլլալ ու թթխմոր Աւետարանին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի համար կազմակերպուած տարեկան դրամահաւաքի առիթով, հինգշաբթի, 11 մայիսին, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին կառավարիչ, կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի պատգամ մը յղեց դրամահաւաքը կազմակերպող կղերականներուն կրօնաւորներու ու հաւատացեալներուն ։

Ունկնդրէ լուրը

Fratelli tutti” շրջաբրեականը Համերաշխութեան նոր տիպար 

Նամակին մէջ ծիրանաւորը նշեց, թէ ամէն տարի աւագ շաբաթուան ընթացքին ուխտագնացութիւն կը կատարուի դէպի սուրբ երկիր, խոխալու համար Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսին խորհուրդը։ Սուրբ Պօղոս, որ կենդանի ու անձնական փորձառութիւնը ապրեցաւ այդ խորհուրդին, Կալաթացիներուն յղած նամակի մէջ գրած Է« Աստուծոյ Որդին զիս սիրեց եւ ինքզինք ինծի յանձնեց։ (Կալաթ 2,20). Ինչ, որ ապրեցաւ առաքեալը հիմքն եղաւ նոր եղբայրութեան տիպարին, որ կը յառաջանայ համերաշխութեան եւ խաղաղութեան աշխատանքէն։  նշած է կարդինալ Սանտրի պատագմին ու աւելցուցած թէ ,Ֆրանչսիկոս Սրբազան Պապը 2020 թուականին յիշեցուց հետեւանքները այդ համերաշխութեան պարգեւին եւ զայն կատարեց Fratelli tutti” շրջաբերականին միջոցաւ։ 

2020 թուականին մարտ ամսոյն Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց համաճարակի աւարտին համար

Կարդինալ Սանտրի ապա յիշեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, անցեալ տարի մարտ ամսոյն համաճարակի աւարտին կատարած աղօթքը նշելով, անցեալ տարի մարտ ամսոյն Յիսուսի Սուրբ Գերեզմանի եւ հին երուսաղէմի դատարկ ճանապարհը արձագանգեցին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը  թրջուած  անձրեւէն եւ որուն վրայէն անցաւ Ֆրանչիսկոս Պապ 27 մարտ 2020ին, երթալով դէպի Խաչեալ Քրիստոսը, որուն առջեւ համան աշխարհը ծունկի եկաւ, խնդրելով համաճարակի աւարտը։

Այսպէս տխուր տարի եղաւ նաեւ Երուսաղեմի սուրբ երկրի համար, քրիստոնեայ հասարակութեան համար, որ կ՝ապրի միջին արեւելքի մէջ եւ որ կ՝ուզէ լոյս ըլլալ, լոյս եւ թթխմոր Աւետարանին։

Օգնել Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն։

2020 թուականին, այդ երկրի քրիստոնեաները մեկուսացումէ տառապեցան, ապրելով հեռու աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած եղբայրներէ։ Անոնք տառապեցան աշխատանքի կորուստի հետեւանքով՝  ուխտաւորներուն  պակասութեան պատճառաւ ։ Շատ մը երկիրներու մէջ պատերազմներն ու պատժամիջոցները ծանրացուցին համաճարակի հետեւանքները ։նշեց կարդինալ Սանտիր ապա յիշեց  թէ Ֆրանչիսկոս Պապ համայն քրիստոնեաներուն շնորհեց Բարի Սամարացիին դիմագիծը, որպէս տիպար գործօն եղբայրսիրութեան, զօրակցութեան սիրոյ։  

Կարիդնալ Սանտրի մաղթեց, որ Սուրբ Երկրի դրամահաւաքը ըլլայ բոլորին համար առիթ՝ նայուածքը չհեռացնելու եւ չ՝անտեսելու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերու կարիքները, որոնք կ՝ապրին Սուրբ Վայրերու մէջ։  

Եթէ պակսի այդ զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան ժեսթը, աւելի դժուար պիտի դառնայ այդ երկիրներուն բազմաթիւ քրիստոնեաներուն դիմանալու  ու չձգելու իրենց տուները , դժուար պիտի դառնայ զօրակցիլ ժողովրդապետութիւններուն իրենց հովուական ծառայութեան գործերուն, եւ շարունակելու կրթական աշխատանքը քրիստոնեայ դպրոցներուն միջոցաւ ինչպէս նաեւ ընկերային յանձնարարութեան միջոցաւ ի սպաս տառապողներուն եւ չարչարուողներուն։ 

Շատ մը գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն տառապանքները, կարօտը ունին բարեկամական ձեռքի, բոյր ու անուշահոտ սփռելու անոնց վէրքերու վրայ։ Չէ կարելի մերժել հոգ տանիլ  Սուրբ Երկրի վայրերուն, որոնք շօշափելի վկայութիւնն են Աստուծոյ որդիին մարդեղացման, ու անոր կեանքի պարգեւին մեր սիրոյն ու մեր փրկութեան համար։

Գրած է կարդինալ Սանտրի,Ան ապա  նամակը աւարտեց փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին երախտագիտութիւնը քահանաներուն, կրօնաւորներուն, հաւատացեալներուն, որոնք կը գործեն դրամահաւաքի իրականացման համար հայցելով  Աստուածային  օրհնութիւննե բոլորին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2021, 12:58