Սուրբ Յովսէփ Աստուածահայր Սուրբ Յովսէփ Աստուածահայր 

19 Մարտին տօնն է Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր։

Կը յիշատակուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Amoris Laetitia» առաքելական շրջաբերականի հրապարակման հինգերորդ տարեդարձը, որուն առթիւ Քահանայապետը յայտարարեց «Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն» տարին, որ սկիզբ կ'առնէ 19 Մարտին ու վերջ պիտի գտնէ 2022-ի Յունիսի վեցին` Ընտանիքներու Համաշխարհային 10-րդ հաւաքին առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

19 Մարտին համայն կաթողիկէ աշխարհը կը տօնէ Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր ծիսական տօնը։ Նոյն օրը կը յիշատակուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան սկիզբի տարեդարձը, որ այս տարի ութերորդն է, ապա Վաստակաւոր Քահանայապետ Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ-ին անուան տօնը, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին «Amoris Laetitia» առաքելական շրջաբերականի հրապարակման հինգերորդ տարեդարձը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 27 դեկտեմբերին Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին յայտարարած էր «Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն» նիւթին նուիրուած տարիի մը հռչակումը, որ սկիզբ կ'առնէ 19 Մարտին ու վերջ պիտի գտնէ 2022-ի Յունիսի վեցին` Ընտանիքներու Համաշխարհային 10-րդ հաւաքին առթիւ։

Սուրբերու տօները Եկեղեցւոյ մէջ

Եկեղեցին սուրբերու տօները կը կատարէ, նախ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ՝ որ իր շնորհքները առատօրէն պարգեւած է մարդոց եւ զանոնք հասցուցած սրբութեան։ Տօնախմբութիւնները առիթ են նաեւ հայցելու սուրբերու բարեխօսութիւնը։ Հայ եկեղեցին իր տօնացոյցին մէջ՝ հայ սուրբերու կողքին ունի նաեւ աստուածաշնչական սուրբեր եւ կամ այլ ազգերու կամ եկեղեցիներու մէջ խորաններու պատուին արժանացած անհատներ։ Նորելուկ վարդապետութիւններ եւ աղանդներ հակառակ են սուրբերուն ցուցաբերուած յարգանքին, որովհետեւ անարդար օրէն զայն կ’ որակեն “երկրպագութիւն” սուրբերու՝ մեղադրելով մեզ բազմաստուածութեան մեղքով։

Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը յստակ է՝ երկրպագութիւնը կը կատարուի միայն ու միայն Աստուծոյ։ Մենք կը պաշտենք միայն զԱստուած եւ երկրպագութիւն կը մատուցանենք միայն Աստուծոյ։ Իսկ սուրբերու “պաշտամունքը” յարգանքն է անոնց եւ ոչ երբեք երկրպագութիւն։

Սուրբերը, մաս են Քրիստոսի խորհրդական մարմնին

Սուրբերը, որոնք արժանացած են արքայութեան եւ Աստուծոյ տեսութեան՝ մաս կը կազմեն Քրիստոսի խորհրդական մարմնին, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ։ Հետեւաբար՝ անոնք մեզմէ անջատ իրականութեան մը մէջ չեն ապրիր, այլ ամէն ինչ կը կատարուի Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսի միջոցաւ, որուն տեսանելի ներկայութիւնը այս աշխարհիս վրայ Եկեղեցին է՝ Սուրբ Հաղորդութեամբ։

Սուրբ Յովսէփը

Աստուածաշնչական սուրբերու հոյլին մաս կը կազմէ Սուրբ Յովսէփ՝ կոչուած նաեւ “աստուածահայր”։ Այս տիտղոսը պէտք չէ մեզ շփոթութեան մատնէ։ Քրիստոսի Հայրը՝ Հայր Աստուած է։ Սուրբ Յովսէփ այս երկրի վրայ կատարեց Քրիստոսի սնուցման եւ պաշտպանութեան դերը, որ հօր մը պարտականութիւնն է։ Սուրբ Յովսէփի համար մեծ պատիւ էր Աստուծմէ ընդունիլ այդպիսի ծանր եւ հսկայ պատասխանատուութիւն։

Դժբախտաբար ըլլա´յ Աստուածաշունչէն, ըլլա´յ առաջին դարերու աւանդութիւններէն քիչ բան ծանօթ է մեզի Սուրբ Յովսէփի մասին։ Հակառակ իր պատասխանատու պարտականութեան՝ անոր բերնէն ոչ մէկ խօսք աւանդուած է Աստուածաշունչի մէջ։ Ան միշտ կատարած է Աստուծոյ կամքը։

Սուրբ Յովսէփի նուիրուած աղօթքներ, ճառեր կամ գանձեր սակաւաթիւ են։ Հոս կը մէջբերենք ոչ ծանօթ շարական մը, զոր հեղինակած է Մխիթար Սեբաստացի Աբբահայր։

Օրուան Կանոնը կ’երգէ՝

“Որ զորդին Դաւթի զՅովսէփ ծառայ քո, հայր տնօրինաբար որդւոյդ կարգեցեր. Ընդ նմին եւ մեք գովեմք զՀայրդ երկնաւոր։ Որ զչգոյն ի գոյ կոչես բանիւ՝ հաճեցար կոչիլ որդի Յովսեփայ. Ընդ նմին եւ մեք օրհնեմք զՈրդիդ միածին։ Որ լցուցեր պէսպէս շնորհօք զՅովսէփ փեսայն հարսին քոյ զպաշտպան Էակցիդ. Ընդ նմին գովեմք եւ մեք զՀոգիդ ճշմարիտ։ Տնօրինաբար կոչիս Աստուածահայր ընտրեալդ ի Հօրէ սուրբ հայրդ Յովսէփ. Միջնորդեա առ Հայր վասն տօնողացս։ Դու պատուեալ եղեր ըստ հրամանի հայրական պատուով յՈրդւոյն Աստուծոյ. Միջնորդեա առ նա վասն տօնողացս։ Որ եղեր պաշտպան հաւատարիմ կոյս անդաստանի Հոգւոյն Աստուծոյ. Միջնորդեա առ նա վասն տօնողացս։

Միաբան ամենեքեան զԱստուածն աստուածոց օրհնեցէք ձայնիւ սրբասացութեամբ զպսակիչն սրբոց։ Զթագաւորն փառաց Քրիստոս զէակից Հօր եւ Հոգւոյն. Գովեցէք ձայնիւ սրբասացութեամբ զպսակիչն սրբոց։ Զբաշխողն պարգեւաց սուրբ զՀոգին ճշմարտութեան բարեբանեցէք ձայնիւ սրբասացութեան զպսակիչն սրբոց։

Ազնիւ ծառայ սրբոյն Երրորդութեան՝ անհնոյն գանձու նորին պահապան. Միջնորդել հայցեմք վասն տօնողացս։”

Ապա “Մանկունք”ի խօսքերը՝

“Աստուածահայր սուրբ Յովսէփ՝ ձեռնտու եւ առաջնորդ նմին, որ ունի ի ձեռին զբոլոր աշխարհ եւ է բանին կրող զամենայն. Այսօր ի սուրբ տօնի քոյ հրճուեալքս եւ խրախացեալքս, աղաչեմք զքեզ բարեխօս լինել առ Տէր վասն քաւութեան մեղաց մերոց։ Աստուածընկալ սուրբ բազկօք բարձեր զորդին կուսի հարսին քոյ. Յոր հայիլ ոչ վստահին լուսեղինաց դասք երկնային. Դու ձեռամբ շօշափեցեր զնա, եւ շրթամբք համբուրեցեր, ողջագուրմամբ առ գգուեցեր, աղաչեմք ըզքեզ բարեխօս լինել առ Տէր վասն քաւութեան մեղաց մերոց։ Կենակից սուրբ Կուսին յանձանձիչ Տեառն մանկացելոյ. Խօսակցող ընտանեբար՝ միշտ ընդ նոսին զխորին խորհրդոց, երանեալ եւ երջանիկ դու եւ տուն քո որ զդասուք սերովբէից գերազանցէր. Աղաչեմք զքեզ բարեխօս լինել առ Տէր վասն քաւութեան մեղաց մերոց։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2021, 08:18