Հաւատոյ վարդապետութեան գրասենեակ Հաւատոյ վարդապետութեան գրասենեակ 

Հաւատքի Վարդապետութեան Ժողովի յայտարարութիւնը «Չէ կարելի օրհնել համասեռական անձերու միութիւնը»

Համասեռականներու միութեան օրհնութեան արգելքի այլ պատճառ մըն է համասեռական զոյգի մը օրհնութեան շփոթումը պսակի խորհուրդի հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հաւատքի Վարդապետութեան ժողովը ժխտական պատասխան տուած է այն հարցին թէ արդեօք կարելի՞ է օրհնել համասեռականներու միութիւնը, հաստատելով, թէ սա անարդար խտրականութիւն չէ եւ ոչ ալ անհատներու վրայ դատաստան կազմել։

Ունկնդրէ լուրը

Որոշումը հիմնուած է հետեւեալ պատճառաբանութիւններու վրայ։

Նախ նկատի պէտք է առնուի օրհնութեան մը ճշմարտութիւնը եւ արժէքը։ Օրհնութիւնը Եկեղեցւոյ ծիսական կարգերու կը պատկանի եւ կը պահանջէ, որ օրհնութիւնը ընդունողը պէտք է առարկայականօրէն ընդունի եւ արտայայտէ շնորհքը, ենթակայ՝ արարչութեան մէջ Աստուծոյ կողմէ դրուած ծրագրին։

Նկատի առնուած է, թէ ամուսնութենէ դուրս եղած միութիւնները չեն համապատասխաներ Աստուծոյ ծրագիրներուն։

Այս պարագան չի հայիր միայն համասեռականներու, այլ նաեւ ամուսնական կապէն դուրս իրականացուող բոլոր միութիւններուն որոնք ճամսեռանական նկարագիր ունին։

Համասեռականներու միութեան օրհնութեան արգելքի այլ պատճառ մըն է համասեռական զոյգի մը օրհնութեան շփոթումը պսակի խորհուրդի հետ։

Ժողովը կը նկատէ, թէ որոշումը չի բացառեր որ կատարուին օրհնութիւններ անհատ անձերու որոնք ունին համասեռական միտումներ եւ սակայն կը կ՚արտայայտեն կամքը հաւատարմութեամբ ապրիլ Աստուծոյ կողմէ դրուած ծրագրին։ Հովիւները սակայն զգոյշ պէտք է ըլլան որ այդ օրհնութիւնը չշփոթուի իբր երկու անհատներու միութեան օրհնութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2021, 12:01