Ինչու՞ կը վախնաք, հաւատք չունի՞ք վերնագիրով նոր գիրքը Ինչու՞ կը վախնաք, հաւատք չունի՞ք վերնագիրով նոր գիրքը 

«Ինչու՞ կը վախնաք, հաւատք չունի՞ք». Նոր գիրք ֆրանչիսկոս Պապին համաճարակի աւարտին համար կատարած աղօթքէն մէկ տարի ետք։

Գիրքը կը պարունակէ Ֆրանչիսկոս Պապին համաճարակի աւարտին համար կատարած աղօթքէն լուսանկարներ ու գրութիւններ։
ինչու՞ կը վախնաք, հաւատք չ՝ունի՞ք

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովը,Վատիկանի տպագրատունի հետ միասին լոյս ընծայեց «Ինչու՞ կը վախնաք, հաւատք չ՝ունի՞ք» տիտղոսակիր գիրք մը, որ կը բովանդակէ Ֆրանչիսոս Պապին նախագահութեամբ սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մէկ տարի առաջ համաճարակի աւարտին համար կատարած աղօթքէն լուսանկարներ ու գրութիւններ։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ գիրքի մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովը նշած է թէ մէկ տարի անցաւ, աշխարհը տակաւին կ՝ապրի համաճարակի ողբերգութիւնը, ամենօրեայ մեռեալներու եւ քաղաքացիներու վնասներու մասին առօրեայ լուրերու հրապարակումով։ 

Բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւին մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց որպէսզի մարդկութեան ձայնը լսելի դառնայ։ Ան ապա հրաւիրեց նկատելու, թէ բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւին մէջ,  եւ կարիքը ունինք մէկը միւսին ու Աստուծոյ օգնութեան։ Այդ աղօթքը պարզ հաղորդակցութեան մարզէն ձեռնարկ մը չէր։ Անիկա աղօթք մըն էր ընկերացուած Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին առօրեայ սուրբ Պատարագներով, որ մխիթարութիւն ներշնչեց միլիոնաւոր մարդոց, համայն աշխարհի մէջ։

Աղօթքի արտակարգ պահ 

Չմոռնալու համար ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերն ու ժեսթերն Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովը, Վատիկանի տպագրատան հետ ու համագործակցութեամբ կարգ մը կազմակերպութիւններուն պատրաստեց լուսանկարներ ու գրութիւններ բովանդակող գիրքը մը, որոնք կը բացատրեն այդ արտակարգ աղօթքի պահի նշանակութիւնը ։ 

Խաչեալ Քրիստոսի ոտքերը համբուրելը միշտ յոյս կը ներշնչէ

ֆրանչիսկոս Պապ իր ելոյթին մէջ կ՝ընդգծէ թէ ինք ժողովուրդին հետ կապի մէջ էր։ Ոչ մէկ պահ մինակ էր ։ Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ բան իրեն յոյս ու զօրութիւն ներշնչեց այդ տխուր պահուն, ֆրանչիսկոս Պապ պատախասխանեց թէ, Համբուրել խաչեալ Քրիստոսի ոտքերը, միշտ յոյս կը ներշնչէ։ Յիսուս գիտէ ինչ կը նշանակէ քալել, որովհետեւ լաւ կը ճանչնայ ինքնամեկուսացումը, որովհետեւ ոտքին վրայ երկու քամեր դրին, որպէսզի անշարժ մնայ ։ Յիսուսի ոտքերը կողմնացոյց են ժողովուրդի կեանքին մէջ։ ըսաւ է Սրբազան հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2021, 12:49