«Իրաքի մէջ եկեղեցին» կարդինալ Ֆիլոնիի գիրքը «Իրաքի մէջ եկեղեցին» կարդինալ Ֆիլոնիի գիրքը 

Կարդինալ Ֆիլոնին «Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ պիտի քաջալերէ Իրաքցիները ու քաղաքացիական համակեցութիւնը»։

Իրաքի եկեղեցին կարիքը ունի համայն եկեղեցւոյ եղբայրութիւնը զգալու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օրերուն, Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարելիք ճամբորդութեան քահանայապետական պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ, 2001-էն-2006 տարիներուն, Իրաքի մէջ  սուրբ Աթոռի նախկին Պապական նուիրակ Կարդինալ Ֆերնատօ Ֆիլոնին։ Ծիրանաւորը, 2016 թուականին, Վատիկանեան տպագրատունի կողմէ հրապարակած է գիրք մը որուն տիտղոսն է Եկեղեցին Իրաքի մէջ, պատմութիւնը, զարգացում, առաքելութիւն, սկիզբէն մինչեւ մեր օրերուն»  

Ունկնդրէ Լուրը

Մօտիկ կանգնիլ Իրաքի եկեղեցւոյ։

Անդրադառնալով գիրքին մասին, կարդինալ Ֆիլոնին նշեց թէ վերոնշեալ գիրքը նման է պատուհանի մը, որուն մէջ նայելով կարելի է բացայայտել Իրաքի եկեղեցւոյ, հասարակութեան, աւանդութիւններուն եւ մշակոյթի հարստութիւնը։

Գիրգը յատուկէն ցոյց կու տայ, որ Իրաքի եկեղեցին, միսիոնարներու կողմէ աւետարանացուած եկեղեցի չէ , այլ սուրբ Թովմաս առաքեալին կողմէ աւետարանուած եկեղեցի է։

Իրաքի եկեղեցին, կարիքը ունի զգալու համայն եկեղեցւոյ եղբայրութիւնը։Սա է ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք ժամանելու արժէքը։ Պապի այցելութիւնը նպաստաւոր առիթ է, որպէսզի այդ երկրի փոքրամասնութիւնները , քրիստոնեաները իրենք զիրենք բացառուած չզգան, այլ տիեզերական եկեղեցւոյ մաս մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջաքերէ եղբայրութիւնն ու քաղաքացիական համակեցութիւնը

Կարդինալ Ֆիլոնի նշեց որ, ֆրանչիսկոս Պապի Իրաքի այցելութիւն ոչ միայն քաջալերանք է քրիստոնեայ հասարակութեան, այլ կայ նաեւ միջ կրօնական երկխօսութիւն։ Այս ծիրէն ներս ոչ միայն կը հայի իսալամներու եւ փոքրամասնութիւններու միջեւ յարաբերութիւնը, այլ յատուկէն միեւնոյն իսլամներու միջեւ յարաբերութիւն, Սիւնիններուն եւ Շիիներու միջեւ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի քաջալերէ եղբայրութեան սկզբունքը,  ընդգծելով միշտ քաղաքացիական համակեցութեան հրամայականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2021, 09:42