24 ժամ Տիրոջ համար. 24 ժամ Տիրոջ համար. 

24 ժամ Տիրոջ համար. «Ան կը ներէ բոլոր յանցանքներդ»

Ձեռնարկը կը նախատեսէ այդ օրերուն մատակարարել ապաշխարութեան խորհուրդը, առիթ ընծայելով հաւատացեալներուն մօտենալու այդ խորհուրդին ապա ամփոփուելու աղօթքին մէջ, լաւապէս ապրելու համար Մեծ Պահքի ապաշխարութեան շրջանը ի պատրաստութիւն մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի չարչարանաց, մահուան ու Յարութեան Խորհուրդին` Սուրբ Զատկուայ տօնին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Օրհներգութիւն Աստուծոյ սիրոյն խորագիրով Սաղմոսերգուի գիրքէն քաղուած (103,3)  «Ան կը ներէ բոլոր յանցանքներդ» խօսքը բնաբանն է` այս տարուայ «24 ժամ Տիրոջ համար» ապաշխարութեան եւ աղօթքի  ձեռնարկին, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի Նոր Աւետարանութեան Խթանման Քահանայապետական խորհուրդին կողմէ` քառասնորդաց շրջանի  չորրորդ Կիրակին կանխող ուրբաթ եւ շաբաթ օրերու ընթացքին,  եւ այս տարի կը զուգադիպի 12 եւ 13 մարտին։

Ձեռնարկը կը նախատեսէ այդ օրերուն մատակարարել ապաշխարութեան խորհուրդը, առիթ ընծայելով հաւատացեալներուն մօտենալու այդ խորհուրդին ապա ամփոփուելու աղօթքին մէջ, լաւապէս ապրելու համար Մեծ Պահքի ապաշխարութեան շրջանը ի պատրաստութիւն մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի չարչարանաց, մահուան ու Յարութեան Խորհուրդին` Սուրբ Զատկուայ տօնին։

24 ժամ Տիրոջ համար ձեռնարկին առիթով Նոր Աւետարանութեան Խթանման Քահանայապետական խորհուրդը պաշտօնական ուղեցոյց մը հրապարակած է, որուն մէջ պարունակուած են առաջարկներ` ժողովրդապետութիւններուն եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, որպէսզի անոնք այս համաճարակի ժամանակահատուածին եւս  կարողանան պատրաստուիլ լաւապէս ապրելու նախաձեռնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2021, 07:46