Որոնել

Կարդինալ Փարոլինը. «Ռատիoվատիկանը անկիւնաքար մըն է. անոր կոչումն է տիեզերականութիւնը»։

«Հաղորդակցութիւնը պէտք է հանդիպի մարդոց այնտեղ ուր եւ ինչպէս որ են։ Խօսքը արդարեւ արդիւնաւէտ է միայն եթէ անձերը կը ներգրաւէ փորձառութեան մը մէջ։ Միայն երբ ան ձեռքով կը դպչի կեանքին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Ձայնասփիւռի հիմնադրութեան 90 ամեակին առթիւ, 12 փետրուար 2021-ի առաւօտեան Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ,  մասնակցութեամբ  Ռատիօ Վատիկանի աշխատակիցներու մեծ պատուիրակութեան մը։

Վատիկանի Պետքարտուղարը այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ  շեշտը դրաւ երեք կարեւոր բառերու վրայ՝ բացուածք, տիեզերականութիւն եւ շփում, որոնք՝ ըսաւ Ան, «ուղեցոյց մըն են առաքելութեան մը, որ կը շարունակուի եւ մշտական կերպով կը նորոգուի»։

Բացուածք, տիեզերականութիւն եւ շփում

«Այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ տարածելու օգուտի պատգամներ» ընդգծեց Ծիրանաւորը մատնանշելով հաղորդակցական համակարգի մը իրականութեան, որ կը թուի աւելի կարեւորութիւն տալ շահին քան մարդկայնականին եւ կարիքը ունի բուժումի։ «Սա 90 տարիներէ ի վեր Ռատիօ Վատիկանի պարտականութիւնն է» հաստատեց Կարդինալ Փարոլինը ակնարկելով երեք բանալի բառերու։

Ռատիօվատիկանը հաղորդակցութեան նորարութեան մէջ անկիւնաքար

Առաջին. Ռատիօ Վատիկանը իր առաջին օրէն սկսեալ ներկայացուց աշխարհին բացուելու նշան մը, ոչ միայն աշխարհագրական իմաստով, հասնելով նաեւ ամենահեռաւոր վայրերը, այլ նաեւ պատմական իմաստով, դառնալով հաղորդակցութեան նորարութեան մէջ անկիւնաքար մը» ըսաւ Ծիրանաւորը, հաստատելով՝  որ «այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է բացուիլ նոր հայեացքով մը՝ ուղղուած ժամանակներու փոխուած կարիքներուն։ Այս մէկը անհրաժեշտ ռազմավարութիւնը չէ միայն, այլ եւ ամէնէ առաջ հաւատքին կարիքն է» նշեց Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը։

Վատիկանի Ձայնասփիւռը ամէնուրէք տարածուած  ցանց է

Խօսելով Տիեզերականութեան մասին Ան նշեց թէ Վատիկանի Ձայնասփիւռը ստեղծեց ցանց մը, որ մազանօթային կերպով տարածուեցաւ ամէնուրեք, եւ իրարմէ շատ հեռու ապրող մարդիկ աղօթել տուաւ միաձայնութեամբ ։  Ամէն մէկ դարաշրջանի ընթացքին քրիստոնեաները կարիք կը զգան ապաքինելու իրենց մասնակիութիւններու նեղութենէն» ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Փարոլինը։

Հաղորդակցութիւնը պէտք է հանդիպի մարդոց այնտեղ ուր եւ ինչպէս որ են

Ան ապա շփումի մասին խօսելով հաստատեց թէ «Հաղորդակցութիւնը պէտք է հանդիպի մարդոց այնտեղ ուր եւ ինչպէս որ են։ Խօսքը արդարեւ արդիւնաւէտ է միայն եթէ անձերը կը ներգրաւէ փորձառութեան մը մէջ։ Միայն երբ ան ձեռքով կը դպչի կեանքին» ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը որ քարոզի աւարտին քաջալերեց ներկաները իրենց առօրեայի յոգնութիւններուն մէջ իրենց ծառայութիւնը հիմնեն Տիրոջ հետ թափանցիկ շփումին վրայ։ Այս մէկը, ըսաւ Ան, ձեզի թոյլ պիտի տայ ունենալու բաց հայեացք մը ժամանակներու կարիքներուն վրայ եւ մշակելու ձեզ յատկանշող տիեզերականութեան չափանիշը։

Կարդինալ Փարոլինը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ռատիօ Վատիկանի անձնակազմին անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները ու աղօթքներ ապահովեցնելով նաեւ  անոնց՝ «որոնք օգուտ կը քաղեն ձեր աշխատանքէն,  որպէսզի ձեր սփռած խօսքերու ընդմէջէն անոնց դպչի Խօսքը, որ կը փրկէ» ըսաւ Վատիկանի Պետքարտուղարը  եզրափակելով քարոզը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2021, 14:00