Որոնել

Քորոնա ժահր, պատուաստանիւթ Քորոնա ժահր, պատուաստանիւթ 

Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական անձնակազմին տեսաժողով «Հոգ տանիլ Քովիտի ժամանակամիջոցին։

Հանդիպումի բացումը կատարեց, քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, ներկայացնելով Քովիտ 19 Վատիկանեան յանձնախումբի աշխատանքային 5 խումբերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանեան Քովիտ 19 յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ  Սուրբ Աթոռի մօտ դիւանագիտական կազմի անդամներուն առցանց հանդիպում, որուն նիւթը եղաւ  հոգ տանիլ  անհատներուն, ժողովուրդներուն, եւ մոլորակին,  համաճարկի ժամանակամիջոցին։»

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպումի բացումը կատարեց, քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, ներկայացնելով Քովիտ 19 Վատիկանեան յանձնախումբի աշխատանքային 5 խումբերը։

Ան ապա նշեց որ անհատը կարիքի ունի ֆիզիքական, մտային եւ հոգեւոր խնամքի, մինչ ժողովուրդները կարիքը ունին մշակութային ,քաղաքական եւ ընկերային խնամքի։

Համաշխարհային համաճարակի դիմաց անհրաժեշտ է համաշխարհային ուժը՝ դուրս գալու համար, ազգային սահամաններէն անդին, որովհետեւ ժահրը լուսարձակի տակ առաւ աշխարհի դիւրաբեկութիւնները։։ 

Ինչ կը հայի պատուաստանիւթը հարցը, կարդինալ նշեց որ պատուաստումն ու խնամքը  պէտք են հնարաւորինս ներառական ըլլան, եւ ոչ մէկ դուրս մնայ կամ բացառուի։ 

Հանդիպումի աւարտին զրուցեց Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Հալլակեր, Սուրբ Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններուն բաժանմունքի քարտուղարը, նշելով որ կան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, սակայն յարկ է զգոյշ մնալ  յայտագիրը ամբողջացնելու համար։ Ան հաստատեց թէ խնամքը, հոգատարութիւնը ժամանակի մեկնաբանութիւն 

Նշենք թէ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց  հաղորդագրութիւն մը նկատել տալով որ վերոնշեալ առցանց հանդիպումը կազմակերպած է Քովիտ 19 Վատիկանեան յանձնախումբը,  որ հիմնուած է ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով, քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին միջավայրէն ներս։ Առցանց հանդիպումի նպատակն է ի յայտ դնել բոլոր հնարաւորութիւնները, համաճարակէն ետք աւելի լաւ աշխարհի կառուցման համար։  Fratelli Tutti (3 հոկտեմբեր 2020) e Laudato si’ (24 մայիս 2015). Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականներու լոյսին ներքոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2021, 09:57