Ծիսական արարողութիւն Ծիսական արարողութիւն 

Կանոններ աւագ շաբաթուան ծիսակատարութիւններու համար, համաճարակի օրերուն։

Աստուածային պաշտամունքի ժողովի յայտարարութիւնը աւագ շաբթուան արարողութիւններուն վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աստուածային պաշտամունքի ժողովը հրապարակեց նոր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած  է համաճարակի առողջապահական տագնապի օրերուն, Սուրբ Զատկուայ ծիսական օրերուն յարգելիք օրէնքները։

Ունկնդրէ լուրը

Ընկերային հաղորդամիջոցներու կարեւորութիւնը ծիսական արարողութիւնները սփռելու համար։

Կարդինալ Ռոպերթ Սարայի եւ Եւ Աստուածային պաշտամունքի ժողովի քարտուղար Արքեպիսկոպոս Արթուր Ռոչէի ստորագրութիւնները կրող յայտարարութեան մէջ, նշուած է որ Քովիտ 19 համաճարակի ողբերգութիւնը, մեծ փոփոխութիւններ յառաջացուց ծիսական արարողութիւններէն ներս։ Շատ մը երկիրներու մէջ տակաւին ի զօրու են փակումի դժուար պայմանները, որոնք արգելք կը հանդիսանան հաւատացեալներու ներկայութեան եկեղեցիներէն ներս, մինչ կարգ մը այլ երկիրներու մէջ կը վերսկսի բնականոն մշակութային կեանք։

Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները բաւական օգտակար դարձան հովիւներուն զօրակցութիւն ու մօտիկութիւն ցուցաբերելու հասարակութիւններուն, համաճարակի օրերուն։

Աւագ շաբաթուան ծիսական արարողութիւններուն համար կ՝առաջարկուի դիւրացնել ընկերային ցանցերու օգտագործումը սփռելու համար Եպիսկոպոսոին նախագահութեամբ  ծիսական արարողութիւնները, քաջալերելով հաւատացեալները յաճախելու իրենց եկեղեցիների ու մասնակցելու թեմի արարողութիւններուն որպէս միութեաննշան։

Անցեալ տարուան հրամանագիրը ուժի մէջ է

Յայատարութեան մէջ յիշուած է նաեւ որ ուժի մէջ կը մնայ, ֆրանչիսկոս Պապի հրահանգով,  ժողովի կողմէ հրապարակուած 25 մարտ 2020 թուականի հրամանագիրը։

Ի զօրու են անցեալ տարուան բոլոր ցուցմունքները Ծաղկազարդի, աւագ հինգշաբթի աւագ ուրաթ եւ Սուրբ զատկուան ճրագալոյցի բոլոր արարողութիւններու համա։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2021, 12:56