Գերապայծառ Փոլ  Կալլակէր Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր 

Գերապայծառ Կալլակէրը ՄԱԿ-ին. Մարդկային իրաւունքները անքակտելի են եւ պէտք է պաշտպանուին։

Վատիկանի դիւանագէտը հրաւէր ուղղեց ՄԱԿ-ին «վերագտնելու մարդկային իրաւունքներու հիմքը, զանոնք իսկապէս իրականացնելու համար» մինչ աշխարհը կը շարունակէ պայքարիլ առողջապահական տագնապին դէմ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ  Փոլ Կալլակէր՝ ՄԱԿ-ին ուղղած լսատեսողական պատգամի մը մէջ ընդգծեց  մարդկային իրաւունքներու անքակտելիութեան բնոյթը նշելով՝ թէ անոնք պէտք մշտապէս պաշտպանուին ու յարգուին։

Վատիկանի դիւանագէտը հրաւէր ուղղեց ՄԱԿ-ին «վերագտնելու մարդկային իրաւունքներու հիմքը, զանոնք իսկապէս իրականացնելու  համար» մինչ աշխարհը  կը շարունակէ պայքարիլ առողջապահական տագնապին դէմ։

Գերապայծառ Կալլակէր սոյն ուղերձը ներկայացուց ՝ Ժընեւի մէջ գումարուած եւ երկուշաբթի օր սկիզբ առած ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւունքներու Խորհուրդի 46 –րդ նիստի առթիւ, որ տեղի կ՛ունենայ առցանց։

Քովիտ-19 համաճարակին ազդեցութիւնը  կեանքի տարբեր ոլորտներւոն վրայ 

«Մէկ տարիէ աւելի  Քովիտ-19 համաճարակը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ կեանքի բոլոր ոլորտներուն վրայ, պատճառելով նաեւ բազմաթիւ կեանքերու կորուստներ եւ կասկածի տակ դնելով մեր տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական համակարգերը։ Միեւնոյն ատեն ան  հարցականի տակ դրաւ  մեր մարդկային տիեզերական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման ի նպաստ յանձնառումը,  միաժամանակ ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը» ըսաւ ի մէջ այլոց գերապայծառ Կալլակէր իր պատգամին մէջ։

Յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Fratelli tutti» շրջաբերականը Գերապայծառ Կալլակէր մատնանշեց նաեւ՝ թէ «ամէն մէկ անհատի արժանապատուութիւնը ճանչնալով կարող ենք սատարել եղբայրութեան տիեզերական ձգտումի վերածնունդին»։

Վատիկանի ներկայացուցիչը յղում կատարելով Մարդկային Իրաւունքներու հռչակագիրին եւ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներուն հայող փաստաթուղթին մէջ պարունակուած յայտարարութիւններուն հաստատեց՝ թէ այդ «երկու փաստաթուղթերը կը ճանչնան, որ իւրաքանչիւր մարդ անհատ բնածին և համընդհանուր կերպով օժտուած է մարդկային արժանապատւութեամբ»,  թէեւ նշեց գերապայծառ Կալլակէր այդ իրաւունքները տակաւին ամբողջութեամբ չեն յարգուած եւ պաշտպանուած։

Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար ը նկատել տուաւ ապա թէ  իրաւունքները անբաժան չեն տիեզերական արժէքներէն ու թէ մարդու իրաւունքներու խթանումը կախեալ է հիմքերէն, որոնցմէ յառաջ կու գան անոնք։

Կեանքի իրաւունքը

Խօսելով կեանքի իրաւունքի մասին, գերապայծառ Կալլակէր  գնահատեց  այդ ուղղութեամբ դրական զարգացումները հաստատելով, որ «Կեանքը իրաւունք ըլլալէ առաջ՝  նախ եւ առաջ բարիք մըն է, զոր պէտք է սիրել եւ պաշտպանել»։

Վատիկանի դիւանագէտը ակնարկեց հուսկ Քովիտ 19 ժահրին ու մարդկային իրաւունքներու միջեւ  գոյութիւն ունեցող իրականութեան ակնարկելով՝ որ «Քովիտ 19 համաճարակը քաղաքացիական իշխանութիւնները մղեց որդեգրելու որոշումներ ի պաշտպանութիւն հանրային առողջութեան, որոնք խոչընդոտեցին մարդու իրաւունքներու ազատ իրականացումը» այս առընչութեամբ առաջարկելով որդեգրել «իրավիճակին համաչափ որոշումներ» որոնք նկատի առնեն մարդոց ապրած իրականութիւնը ու անոնց դիւրաբեկութիւնը ու «կիրարկուին ոչ խտրական ձևով և օգտագործուին միայն այն դէպքին, երբ այլ միջոցներ չկան»:

Կրօնի ազատութիւնը

Գերապայծառ Կալլակէր խօսեցաւ ապա Կրօնի ազատութեան մասին հրատապ նկատելով մտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը հաստատելով, որ կրօնական հաւատքը եւ անոր արտայայտութիւնը  մարդկային անհատի արժանապատուութեան կեդրոնն են։ Այս ծիրէն  ներս գերապայծառ Կալլակէր մատնանշեց, որ Կրօնի ազատութիւնը պաշտպանելը կը նշանակէ նաեւ «պաշտպանել  անոր հանրային վկայութիւնը եւ արտայայտութիւնը ըլլայ անհատական, ըլլայ հաւաքական գետնի վրայ»։  Յարգելու համար այս իրաւունքի ներքին արժէքը գերապայծառ Կալլակէր քաղաքական իշխանութիւններուն յորդորեց գործել կրօնական ղեկավարներու, կրօնական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական առաջնորդներու հետ մասին, որոնք յանձնառու են խթանելու խղճի եւ կրօնի ազատութիւնը.

Մարդկային Եղբայրութիւնը

Ի վերջոյ Գերապայծառ Կալլակէր անդրադարձաւ Մարդկային Եղբայրութեան նիւթին դիտել տալով, որ ներկայ ճգնաժամը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ մօտենալու բազմակողմնութեան, որպէս «ընդհանուր պատասխանատուութեան նորոգուած զգացումի արտայայտութիւն, հիմնուած արդարութեան եւ խաղաղութեան ու մարդկային ընտանիքին մէջ միութեան հասնելու զօրակցութեան վրայ, «որ է Աստուծոյ աշխարհին համար նախատեսած ծրագիրը» հաստատեց գերապայծառ Կալլակէր, որ յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Fratelli tutti» շրջաբերականը քաջալերեց բոլորը ճանչնալու իւրաքանչիւր մարդ անհատի արժանապատուութիւնը, խթանելու համար տիեզերական եղբայրութիւն մը եւ ըլլալու նաեւ տրամադիր յաղթահարելու ան ինչ՝ որ կը բաժնէ, պայքարելու համար զանազան տագնապներու հետեւանքներուն դէմ։

Պատգամը աւարտելով Գերապայծառ Կալլակէր վերահաստատեց Սուրբ Աթոռին յանձնառումը համագործակցելու այդ ուղղութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2021, 13:20