Տարեցներ, բնութիւն Տարեցներ, բնութիւն 

Ծեր ըլլալը Աստուծոյ պարգեւն է։

Ներկայացուեցաւ«Ծերութիւնը մեր ապագան. ծերուկներուն վիճակը համաճարակէն ետք» վերնագիրով քահանայապետական կեանքի ի սպաս կաճարի փաստաթուղթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 9 փետրուարին, առաւօտեան, ժամը 11,30 ին, քահանայապետական կեանքի ի սպաս կաճարը, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացին ներկայացուց, «ծերութիւնը. մեր ապագան։ Ծերուկներուն վիճակը համաճարակէն ետք» վերնագիրով նոր փաստաթուղթը։

Ունկնդրէ լուրը

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցողներուն շարքին եղան քահանայապպետական կեանքի ի սպաս կաճարի նախագահ, գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա, նշեալ կաճարին քարտուղար, գերապայծառ Պրունօ Մարի Տուֆէ, ինչպէս նաեւ Ճափոնի մէջ «Թոյամա» անուան համալսարանի դասատու տիկին Էդսուօ Աքիպա, որ նաեւ դասատու է քահանայապետական կեանքի ի սպաս կաճարին մէջ։

«Ծերութիւնը, մեր ապագան, տարեցներուն վիճակը համաճարակէն ետք»վերնագիրով փաստաթուղթը առիթ կ՝ընծայէ խոկալու քովիտ 19 տագնապէն յառաջացած ուսումներու մասին, անոր հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ մեր ընկերութեան ապագային մասին։» այս մասին նշուած է փաստթուղթին մէջ։

Վերանայիլ զարցազման օրինակը։

«Բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն փոթորիկին դիմաց, սակայն կը թիավարենք տարբեր նաւերուն մէջ եւ ամենէն  տկարները ամէն օր աւելիով խոցելի են։   

Քովիտ 19 եւ տարեցները։

Քովիտ 19 համաճարակի առաջին շրջանին, ամենէն շատ մեռեալներ տեղի ունեցան ծերանոցներուն մէջ, վայրեր ուր պէտք էր պաշտպանուիլ ընկերութեան ամենէն տկար բաժինը, սակայն այդ վայրերէն ներս մահը աւելի մուտք գործեց քան բնակավայրերու եւ ընտանիքի շրջանակներու մէջ։Կարիքը կայ նոր տեսլականի, նոր տիպարի, որ ընկերութեան թոլ կու տայ խնամել տարեցները։

2050 թուկանին 60 տարեկան երկու միլիար տարեցներ։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ ցարդ, այր մարդիկ ու կիներ ընդհանրապէս կը վայելեն կեանքը՝  աւելի երկար ապրելու յոյսը։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն, 2050ին աշխարհի մէջ պիտի գտնուին 60 տարեկանով աւելի քան երկու միլար անձ, ասոր համար անհրաժեշտ է, որ մեր քաղաքի վայրերը վերածել ընդունելի եւ տարեցներուն համար գեղեցիկ վայրեր։

Ծեր ըլլալ Աստուծոյ պարգեւն է ։

Ծեր ըլլալ, Աստուոյ կողմէ տրուած պարգեւ է եւ հսկայական հարստութիւն, զգուշօրէն պաշտպանելու ձեռքբերումը, նաեւ այն ժամանակ երբ հիւանդութիւնը կը դառնայ հաշմանդամ ու կը պահանջէ բարձրորակ օգնութեան անհրաժեշտութիւն։

Նոր տիպար տկար անձերուն համար։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ անհրաժեշտ է նոր օրինակներ, մասնաւորապէս դիւրաբեկ անձերուն համար։ Ծերանոցները պէտք են վերապատրաստուին ընկերային, առողջապահական մարզէն ներս ,այսինքն իրենց ծառայութիւններու մէկ մասը առաջարկեն՝ անմիջապէս տարեցներու տուներուն մէջ։

Սերունդերու միջեւ հանդիպումը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը երիտասարդները յորդորեց նեցուկ գտնուիլ տարեցներուն։ Մարդը որ կը ծերանայ չհասնիր վերջաւորութեան, այլ կը հասնի յաւիտենականութեան խորհուրդին եւ այս ըմբռնելու համար պահանջը ունի Աստուծոյ մօտենալու ու Անոր հետ յարաբերելու։ Խնամել ծերուկներուն հոգեւորականութիւնն ու անոնց Քրիստոսի հետ մտերմութւինը, եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է ։

Մշակութային շրջադարձ

Վերջապէս փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ «ամբողջ քաղաքացիական հասարակութիւնը, եկեղեցին, կրօնական աւանդութիւնները, մշկակոյթի աշխարհը, դպրոցը, կամաւոր աշխատանքը, տնտեսութիւն, ընկերային հաղորդակցութիւնները, պէտք են պատասխանատուութիւնը զգալ առաջարկելու եւ զօրակցելու նոր կտրուկ միջոցներ, որպէսզի տարեցները կարենան աջակցութիւն եւ խնամք ստանան ընտանեկան միջավայրէն ներս, բնակարաններէն եւ հիւանդանոցներէն ներս։ Սա մշակութային շրջադարձային պահ է, որ պէտք է իրականացուի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2021, 12:54